Հերթական ջղաձգումը. Թուրքիան Պրազիլէն յետ կանչած է դեսպանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/BrazilCongress1.jpg)
Թուրքիան ուշացումով արձագանքած է Պրազիլիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, կը գրէ News.am-ը:
Թրքական Rotahaber կայքի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը Պրազիլիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած յայտարարութիւն մը տարածած է, ուր Պրազիլիոյ մեղադրած է անպատասխանատուութեան մէջ` քննադատելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պրազիլիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Տիրիօզը քննարկումներու համար յետ կանչուած է Թուրքիա:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար Թուրքիան յետ կանչած է Վատիկանի, Աւստրիոյ, Լիւքսեմպըրկի մէջ իր դեսպանները: