Երեք Հայ Երեսփոխան` Թուրքիոյ Նորընտիր Խորհրդարանին Մէջ

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ մէջ առաջադրուած հինգ հայ թեկնածուներէն երեքը անցած են խորհրդարան: Անոնք են` Սելինա Էօզուզուն Տողան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Կարօ Փայլան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն եւ Մարգար Եսայեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն: