Յուշագիր` ՀՀ եւ ՌԴ ֆիզիքական զարգացման եւ մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման ու յետագայ զարգացման

ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Սոչիի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Փաւել Գոլոպկովի հետ ստորագրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մարմնակրթութեան նախարարութեան միջեւ ֆիզիքական զարգացման եւ մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին» յուշագիր, որ կը նպաստէ երկու երկրներու միջեւ մարզական համագործակցութեան ամրապնդման եւ յետագայ զարգացման: Այս մասին Հայերն այսօրին կը յայտնէ ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Անոյշ Չիթչեան:
Նախարար Ղազարեան Սոչիի մէջ կը գտնուի ԱՊՀ մասնակից երկիրներու ֆիզիքական զարգացման եւ մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի մասնակիցներու ֆիզիքական զարգացման եւ մարմնակրթութեան խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով: Նիստը ընթացած է Յունիս 3-5` Սոչիի Մարզական պատրաստութեան հարաւային դաշնային կեդրոնին մէջ, որուն աշխատանքներուն մասնակցած են Հայաստանի, Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Գիրգիզստանի, Տաճիկստանի, Ատրպէյճանի մարզական ոլորտի ղեկավարները: