Ներկայացուեցաւ Արամ Նիքոլեանի «Ուրֆա. Վերածնուած արժէքներ» նոր հաւաքածուն
Երէկ` Յունիս 4-ին, Պատմութեան թանգարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Նիքոլեանի «Ուրֆա. Վերածնուած արժէքներ» հաւաքածուի ցուցադրութիւնը, այս մասին կը գրէ News.am-ը
Ցուցադրութիւնը սկսաւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի վերականգնած տարազներու իւրօրինակ ներկայացմամբ, որմէ անմիջապէս յետոյ յաջորդեց ձեւաւորողի նոր հաւաքածուն:
Հաւաքածուի հիմքին մէջ հայկական տարազներն են, ատոնց խորհրդանիշները, Ուրֆայի ոսկեթել եւ արծաթաթել ասեղնագործութիւնները:
Շքեղ զարդաձեւերով, միջնադարեան նկարչութեան շունչով յագեցած Ուրֆայի ասեղնագործութիւններով այս հաւաքածուի նպատակը աստիճանաբար մոռացութեան մատնուած ազգային հագուստի տարրերը կրելի դարձնել ոչ միայն բեմի վրայ, այլեւ առօրեայ կեանքի մէջ:
Հաւաքածուն կը ներառէ բեմական, առօրեայ, երեկոյեան զգեստներ` տարազային ձեւուածքով, թեթեւ գունային յիշողութեամբ եւ Ուրֆայի «մոռացուած» ասեղնագործութեամբ:
– See more at: http://style.news.am/arm/news/22705/aram-nikolyani-urfa-veratsnvats-arzheqner-nor-havaqatsun.html#sthash.8CCtjiM1.dpuf