Ֆուատ Ալ-Տահըրի` արմատներով հայ Կարապետ Փանոսեանն է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/10386829_658025790972467_4949152526861737138_n.jpg)
“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ, Aztagarabic-ին մէջ կը կարդանք.
“Ալ-Մաըրիֆէ” Եգիպտական կայքէջը հրապարակած է յօդուած մը հանրածանօթ եգիպտացի երաժիշտ` Ֆուատ Ալ-Տահըրիի մասին, նշելով որ ան արմատներով հայ է… Անոր մականունը կու գայ իր ծննդավայր Եգիպտոսի մէջ Ալ- Տահըրիէ շրջանէն. : Ան մահացած է 80 տարեկանին 1988-թ.ին:
Անոր իսկական անունը եղած է Կարապետ Փանոսեան .1940- թ.էն ի վեր եղած է արաբական ֆիլմարտադրութեան երաժիշտը:
Իր կեանքին ընթացքին ներկայացուցած է զանազան երաժշտական ծրագիրներ՝ Եգիպտոսի Ռատիոյէն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երաժշտութիւններ Եգիպտական դրուագաշարերուն:
Ալ-Տահըրին անցեալ դարու 40- ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ իր մահը յօրինած է հիասքանչ երաժշտութիւններ հանրայայտ արաբական ֆիլմերու համար:
Անոր մասին ըսուած է` “ Ալ-Տահըրիի հիանալի երաժշտութիւնը պատճառ դարձաւ աւելի քան 300 ֆիլմերու յաջողութեան… անկասկած, որ անոր երաժշտութիւնը կը խօսի մարդու հոգիին նախքան սրտին,եւ որմով ռոմանթիկ կախարդական աշխարհ կ’ապրինք:
Ֆուատ Ալ-Տահըրիի մասնագիտական երաժշտութիւնը ամենագեղեցիկն է ու ամենահռչակաւորը, որմով հարստացաւ Եգիպտական եւ արաբական ֆիլմերը: