Երիտասարդ Եւրոպացի Ընկերվարականներու Բիւրոն Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունած Է

Մայիս 29-30-ը Լաթվիոյ մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու բիւրոյի հանդիպումը: Կառոյցի անդամ Հայ երիտասարդական միութիւնը եւս ներկայացուած եղած է, կը գրէ Asbarez.com-ը:

ՀԵՄ-ն եւ Ֆրանսայի Երիտասարդ ընկերվարականներու շարժումը ներկայացուցած է համատեղ բանաձեւի նախագիծը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով եւ Եւրոպայի երիտասարդութեան ուղղուած կոչով` ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատապարտած է Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, իսկ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուցցած է փոխհատուցումներու գործընթաց սկսելու:

Բանաձեւի քննարկումը լարուած ընթացած է, թուրք ներկայացուցիչները առարկութիւններ ներկայացուցած են, սակայն անոնմէ բացի բոլորը քուէարկած են բանաձեւի օգտին:

Scroll Up