Հալէպի մէջ բացուած է աղքատները խնամելու բնակարան

Աշ­խար­հի մէջ գո­յու­թիւն ու­նին բազ­մա­թիւ մար­դիկ, որոնք կը տար­բե­րին իրենց անձ­նա­ւո­րու­թեամբ, նկա­րագ­րա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րով, վար­ուե­լա­կեր­պով ու գոր­ծե­լա­կեր­պով: Կան ոմանք, որոնք եր­բեք բա­րիք չեն ցան­կար իրենց նմանին, եւ եր­բեմն նոյ­նիսկ իրենց ան­մի­ջա­կան հա­րա­զա­տին կամ ըն­կե­րոջ: Ու­րիշ­ներ ալ իրենց վե­հանձ­նու­թեամբ եւ ազ­նիւ գա­ղա­փա­րա­կա­նի տէր անձ­նա­ւո­րու­թեամբ կը յատ­կանշ­ուին եւ իրենց ու­նե­ցա­ծը, կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, ի սպաս կը դնեն Աս­տու­ծոյ փառ­քին եւ մար­դոց բա­րի­քին հա­մար: Այս­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ Քրիս­տո­սի հե­տե­ւորդ­նե­րը կը նկատ­ուին, որով­հե­տեւ անոնք ըմբռ­նե­լով Անոր ու­սու­ցում­նե­րը, խօս­քէն ան­դին անց­նե­լով, իրենց ան­ձե­րով կը մարմ­նա­ւո­րեն զա­նոնք: Ահա­ւա­սիկ այս ելա­կէ­տէն մեկ­նած, տիկ. Սիր­վարդ Հա­մամճ­եան ազ­նիւ գա­ղա­փա­րը ու­նե­ցաւ իր բա­րե­րա­րու­թեամբ նո­րո­գել ու կա­հա­ւո­րե­լու եկե­ղեց­ւոյ աղ­քա­տախը­նա­մի սեն­եա­կը` ի յի­շա­տակ իր հան­գուց­եալ ամուս­նոյն` տի­ար Կա­րա­պետ Հա­մամճ­եա­նի, որ ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն էր եկե­ղեց­ւոյս աղ­քա­տախ­նամ մարմ­նին:

Ար­դա­րեւ Կի­րա­կի, 31 Մա­յիս 2015-ին, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ, որուն աւար­տին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան, Գե­րա­պա­տա­իւ Հայր Սուր­բը, քա­հա­նա­յից դա­սը, ազ­նիւ բա­րե­րա­րը եւ հա­ւա­տաց­եալ բազ­մու­թիւնը ուղղ­ուե­ցան եկե­ղեց­ւոյ կող­քին գըտ­նուող աղ­քա­տախ­նա­մի նո­րոգ­ուած սեն­եա­կը, որուն սե­մին զե­տեղ­ուած էր ժա­պա­ւէն մը: Առաջ­նորդ սր­բա­զան հայ­րը ժա­պա­ւէ­նը կտ­րե­լով բա­ցու­մը կա­տա­րեց սեն­եա­կին, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րա­կերտ բնա­կա­րա­նի օրհ­նու­թեան աղօթ­քը: Աւար­տին Ս. Գր. Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան ատե­նա­պետ Խա­ժակ Տիլ­պէր­եան իր սր­տի խօս­քը ար­տա­սա­նեց` շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով տիկ. Սիր­վար­դին, իր կա­տա­րած բա­րե­րա­րու­թեան հա­մար, զոր նկա­տեց մարդ­կա­յին առա­քի­նու­թեան լա­ւա­գոյն դր­սե­ւո­րում: Ապա, Առաջ­նորդ սր­բա­զան հայ­րը իր գնա­հա­տան­քի խօս­քը փո­խան­ցեց, շեշ­տե­լով բա­րե­րա­րու­թեան ու բա­րե­գոր­ծու­թեան վսեմ գա­ղա­փա­րները յի­շե­լով, թէ այս սեն­եա­կի նո­րո­գու­թեամբ աղ­քա­տախ­նա­մի ան­դամ­նե­րը առա­ւել ու­ժա­կա­նութ­եամբ եւ մեծ թա­փով պի­տի շա­րու­նա­կեն ծա­ռա­յել Աս­տու­ծոյ, եկե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին: Ապա աւել­ցուց, թէ սոյն բա­րե­րա­րու­թիւնը սոսկ նուի­րա­տուու­թիւն մը չէ, այլ ցու­ցա­նիշ է եկե­ղեց­ւոյ կապ­ուա­ծու­թեան եւ մա­նա­ւանդ ներ­կայ տագ­նա­պին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րաշ­խու­ժաց­ման ու վե­րա­կանգն­ման, ինչ­պէս նա­եւ յոյ­սով առլ­ցուն յաղ­թագ­նաց եր­թին: Ի վեր­ջոյ, սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ եւ եկե­ղեց­ւոյս մեծ ըն­տա­նի­քին անու­նով յի­շա­տա­կի նուէր մը յանձն­ուե­ցաւ տիկ. Սիր­վար­դին, որ­մէ ետք սըր­բա­զան հօր «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով եւ Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քի եր­գե­ցո­ղութ­եամբ աւար­տե­ցաւ նո­րոգ­ուած ու կա­հա­ւոր­ուած սեն­եա­կի բաց­ման հո­գե­պա­րար արա­րո­ղու­թիւնը: Հուսկ, «Կի­լիկ­իա» մաղ­թեր­գը հն­չե­ցու­ցին ներ­կա­նե­րը եւ յի­շա­տա­կի խմ­բան­կար առն­ուե­ցաւ:

Յետ բաց­ման արա­րո­ղու­թեան, հան­գուց­եա­լի տիկ­նոջ կող­մէ, իր ամու­սնոյն հոգի­ին հա­մար, տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­եւ հո­գե­ճաշ եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս:

Թող Աստ­ուած վար­ձա­հա­տոյց ընէ տիկ. Հա­մամճ­եա­նին, բո­լոր նըն­ջեց­եալ­նե­րը եւ այս պա­րա­գա­յին հան­գուց­եալ տի­ար Կա­րա­պետ Հա­մամճ­եանն ու անոր զա­ւակ­նե­րը ար­ժա­նաց­նէ երկն­քի ար­քա­յու­թեան եւ պա­րա­գա­նե­րը Ս. Հոգի­ով մխի­թա­րէ:

Թող լոյս իջ­նէ անոնց շի­րի­մին վրայ:

Պարգեւ քհնյՊալգէորգեան

Scroll Up