Պելճիքան Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Օրինագիծ Կը Նախապատրաստէ

Պելճիքայի խորհրդարանի իշխանական կուսակցութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր օրինագիծ պիտի ներկայացուի: «Վալոն լիպերալ» կուսակցութեան ղեկավար Տենիս Տուջարմէն ըսած է, որ օրինագիծը շատոնցէ կը նախապատրաստուի: Ան նշած է, որ օրինագիծին վրայ աշխատած են դեռ այն բանէն առաջ, երբ «Humanist Democratic Centre (HDC)  կուսակցութեան անդամ ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր Մուհինար Օզդեմիրը, Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքելու համար հեռացուեցաւ կուսակցութեան շարքերէն:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «TRThaber»-ը կը հաղորդէ, որ օրինագիծը մինչեւ տարուան վերջ պիտի քննարկուի խորհրդարանին մէջ, եւ կը սպասուի, որ աջակցութիւն ստանայ նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Պելճիքային Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1998 թուականին:

Իսկ այս տարուան Մայիս 1-ին Պելճիքայի ֆրանսական համայնքի խորհրդարանի անդամները լիագումար նիստի մը ժամանակ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Scroll Up