Արցախի մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի Խնոցի փառատօն
ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրի ծիրէն ներս Յունիս 2-ին` ժամը 13:00-ին, Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղին մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպէ Խնոցի փառատօն:
Արցախի բարբառի եւ ազգագրութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի ֆէյսպուքեան էջի փոխանցմամբ` փառատօնին պիտի ներկայացուին խնոցի հարման ողջ գործընթացը: Ստացուած կաթնամթերքը պիտի մատուցուի աւանդական ձեւով:
Փառատօնի նպատակն է արցախեան ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու պահպանումն ու հանրահռչակումը, ազգային աւանդոյթներու, սովորոյթներու, ազգագրական առանձնայատկութիւններու հանդէպ հոգածութեան եւ յարգանքի արմատաւորումը: Փառատօնը կ’ուղեկցուի աւանդական հիւրասիրութեամբ, խաղերով ու խաղերգերով, արցախեան երգ-երաժշտութեամբ: