Ամերիկաբնակ Աղասի Վարդանեան աւարտած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած 55-օրեայ ծոմը

Ամերիկաբնակ Աղասի Վարդանեան Մայիս 28-ին դուրս  եկած է ապակեպատ շինութենէն` աւարտելով իր 55-օրեայ ծոմապահութիւնը, որուն նպատակն էր ուշադրութիւն հրաւիրել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Արցախփրեսը կը գրէ, որ glendalenewspress.com-ի փոխանցմամբ` Պըրպենք քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ կից շինութենէն Վարդանեանին դուրս գալու համար օգնած են ընկերները եւ նստեցուցած հաշմանդամի սայլակին: Անոր աջակցելու  եկած են հարիւրաւոր հայրենակիցներ:

«Ես  լաւ կը զգամ: Մեծ բաւարարուածութիւն ունիմ»,- ըսած է Վարդանեան: Ծոմապահութենէն յետոյ ան կը  կշռէ մօտ 76 քկ` 25 քկ պակաս, քան 55-օրեայ ծոմի սկսիլը:

Վարդանեան հաւաքուածներուն պատմած է, որ հայերը ամբողջ աշխարհէն լսած են իրեն մասին եւ աջակցած զինք: Երբ ներկաներէն մէկը անոր հարցուցած է` ինչ կը պատրաստուի ուտել, տղամարդը կատակած է` ինչ ալ որ հիմա ուտէ, ատիկա աշխարհի ամենահամեղ ուտելիքը պիտի ըլլայ: Վարդանեանի խօսքով` իրեն համար շատ կարեւոր է այն, որ ինք ծոմը աւարտած է Մայիս 28-ին, երբ Հայաստան կը նշէ «անկախանալու ու վերապրելու օրը»` Առաջին Հանրապետութեան օրը:

Scroll Up