Կայացաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը
Մայիս 26-ին կայացաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նիստը կը վարէր համակարգող մարմինի նախագահ, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: