Սուրիահայ վարժարաններու աշակերտները աւարտեցին ուսումնական տարին
Սուրիահայ վարժարաններու նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական անցումային կարգերու աշակերտները դիմեցին 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդ կիսամեայի քննութիւնները եւ աւարտեցին իրենց ուսումնական տարին։ Աւարտական կարգերը կատարեցին տարեկան հանդէսները։ Ներկայիս պետական քննութիւն կը դիմեն միջնակարգի աւարտական կարգի աշակերտները (պրովէ), որմէ ետք կը սկսին երկրորդականի աւարտական կարգի (պաքալորիա) պետական քննութիւնները։
Հալէպի մէջ ապահովական վիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն։ Բարելաւում կայ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման մէջ։
Համացանցային ծառայութիւնը ցարդ կը մնայ փախանուած։