Այս Բոլորը Ոչ Միայն Ցաւ ու Տառապանք էր, Այլ` Համախմբում, Որմով Կարելի է Միայն Հպարտանալ. Հրանոյշ Յակոբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/ասուլիս.jpg)
Այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները բաժնեց վեց խումբի: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։
Առաջին խումբը քաղաքական ձեռնարկներն էին` տարբեր երկիրներու կողմէն ընդունուած բանաձեւերը, Ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշումները, որոնց մէջ մեծ դեր ունեցած են հայկական համայնքները: Աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ամենամեծ ցոյցերը տեղի ունեցան ԱՄՆ-ի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Երկրորդ խումբը քարոզչական աշխատանքներն էին. անցնող 95 տարիներուն ընթացքին այնքան չխօսուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին, որքան վերջին 3-4 տարիներուն: Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձան աշխարհի ամենահեղինակաւոր լրատուամիջոցները: Այս ամէնուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ Երեւանի մէջ կայացած «Մետիա ֆորում»-ը եւ Սփիւռքի մէջ գործող աւելի քան 220 հայկական լրատուամիջոցներու աշխատանքը:
Երրորդ խումբ հարցերը կը վերաբերէին գիտական, հետազօտական աշխատանքներուն: Բոլոր հեղինակաւոր համալսարաններու, որոշ երկիրներու խորհրդարաններու մէջ կազմակերպուեցան գիտական համաժողովներ: Քննարկումներ տեղի ունեցան նոյնիսկ Թուրքիոյ համալսարաններու մէջ:
Չորրորդ խումբ հարցերը կը վերաբերէին հրատարակչական գործունէութեան: Աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուներով տպագրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքեր, աշխատութիւններ, վէպեր: Նախարարութիւնը նոյնպէս իրականացուցած է հրատարակչական աշխատանքներ, որոնցմէ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը առանձնացուց Վիգէն Քոչարեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` միջազգային փաստաթղթերում» աշխատութիւնը եւ «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը:
Հինգերորդ խումբ աշխատանքները նախարարը համարեց համայնքային ծրագիրները, մշակութային ձեռնարկները, երախտագիտութեան երեկոները:
Վեցերորդ խումբը կը վերաբերէր եկեղեցական հարցերուն: Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուեցան պատարագներ, եկեղեցական ձեռնարկներ: Այդ ձեռնարկներու գագաթնակէտերն էին Վենետիկի մէջ Ապրիլ 12-ին Հռոմի Պապի կողմէն համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող քայլը` պատարագը, Նարեկացին Տիեզերական Վարդապետ հռչակելը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի մէջ կայացած Սրբադասման արարողութիւնը: Նախարարի խօսքով` այս բոլոր նախաձեռնութիւնները ոչ միայն ցաւ ու տառապանք էին, այլեւ` համախմբում եւ կազմակերպում, որմով կարելի է միայն հպարտանալ: