Քաննի ֆիլմի փառատօնին Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմ ցուցադրուած է

Ռոպեր Կետիկեանի «Մի ըսէք, թէ տղան խելագար էր» ֆիլմը ցուցադրուած է 2015-ի Քաննի ֆիլմի փառատօնին` Յատուկ  ցուցադրութեան ծիրէն ներս:

2015-ին թողարկուած տրամային մէջ արտացոլուած են Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները այն ապրած ժողովուրդի յետագայ սերունդներուն վրայ: Կետիկեան իր ֆիլմին մէջ կը միաւորէ Մարսէլի աշխատող դասի սոցիալ-իրատեսական ժամանակագրութիւնը եւ իր հայրական արմատները` ցուցադրելով Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ազդեցութիւնը տեղահանուած սերունդներուն վրայ, կը գրէ Hollywood reporter կայքը:

Ֆիլմի անգլալեզու վերնագիրը 1980-ականներուն յայտնի ֆրանսացի երգչուհի Ֆրանց Կալի երգերէն է: Իսկ իբրեւ հիմնական նիւթ` ծառայած է սպանացի լրագրող Խոսէ Անտօնիօ Կուրիարանի ինքնակենսագրական վէպը

Սպանացի հեղինակը կիսով չափ անդամալոյծ է 1981 թուականին Մատրիտի մէջ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) կազմակերպած ռումբի պայթումէն:

Իր բուժման ընթացքին ան հետազօտած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն  օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բնաջնջումն ու տեղահանումը` մարդկութեան դէմ այն յանցագործութիւնը, որ Թուրքիան ցայսօր կը հերքէ: Իր հետազօտութեան արդիւնքով` Կուրիարան դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան
միջազգային ճանաչման համար պայքարող աշխոյժ մտաւորականներէն մէկը:

Scroll Up