Եթէ հարցը հայերուն կը վերաբերի, թրքական հետախուզութիւնը լաւ կ’աշխատի

Թրքական հետախուզութիւնը միայն մէկ փոքրիկ շրջանի մէջ 1600 հայ ընտանիք յայտնաբերած էր:

Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու խնդիրը բարդ է այնքանով , որ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենք իրենց կը համարեն թուրք կամ քիւրտ, հանգիստ կ’ապրին առանց ազգային ինքնութեան վերնայման անհրաժեշտութեան, ամէնեւին չկասկածելով, որ յոյժ գաղտնի ծրարներու մէջ իրենք հայ կը համարուին, կը գրէ
Armweeklynews.am-ը:

Հայկական մամուլին կողմէն պատշաճ արձագանգ չգտաւ 2011 թուականի իրադարձութիւնը, որ կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տարածքին մէջ իսլամացած հայերու խնդիրին վրայ: Եւ այսօր աւելի քան տեղին է
անդրադառնալ այդ իրադարձութեան:

Յիշեցենք  դատավարութիւն մը:

2011 թուականի Սեպտեմբերին Սթամպուլի 16-րդ ծանր յանցագործութիւները քննող դատարանին մէջ լսուող ODA TV գործով մեղադրանք  ներկայացուած էր լրագրող Սեներ Եալչնին, որ անոր թրքական զինուած ուժերու եւ թրքական հետախուզութեան ծառայութեան գաղտնի գործակալ Գաշիֆ Գոզինօղլու կողմէ գաղտնի բովանդակութեամբ 17 փաստաթուղթեր  յանձնուած են: Մեզի հետաքրքրողը ոչ այնքան լրագրողի դատավարութիւնն ու Թուրքիոյ պետական գաղտնի փաստաթուղթերու հեռուստատեսութեան յանձնման փաստն է , որքան ծպտեալ եւ իրենց արմատներուն անտեղեակ 1600 հայ ընտանիքներու ցուցակն է, որ բաղկացած է 84
էջէ: Սա կը նշանակէ, որ թրքական MIT հետախուզութեան ծառայութիւնը երկար տարիներ յատուկ ուսումնասիրութիւն  կատարած է Թուրքիոյ յատկապէս հարաւ-արեւելեան մարզերուն մէջ եւ մասնագիտութեան բնորոշ ջանասիրութեամբ եւ ճշտութեամբ հաշուած է հայ ընտանիքներու քանակը:

Սակայն պէտք է փաստել, որ այս տուեալները կը վերաբերին միայն Տիարպաքիրի լիճէ շրջանին: Այսինքն, մէկ փոքրիկ շրջանի մէջ Թրքական MIT հետախուզական ծառայութիւնը հաշուած է 1600 հայ ընտանիք:

Եթէ հաշուի առնենք, որ Տիարպաքրի շրջանին մէջ կան 14 շրջաններ, ապա մինչ օրս մեր պատկերացումները ծպտեալ եւ իսլամացած հայերու մասին Թուրքիոյ տարածքին մէջ պէտք է փոփոխութիւններու ենթարկուին: Լիճէ շրջանը Տիարպաքիրի մարզի ամենափոքր շրջաններէն մէկն է: Իսկ ի՞նչ արդիւնքներ յայտնաբերած կ’ըլլայ թրքական հետախուզութիւնը ներկայիս Գուլպ, Չընար, Էրգէնի եւ Սիլուան համեմատաբար մեծ շրջաններուն մէջ: Նոյնիսկ երեւակայել հնարաւոր չէ:

Scroll Up