Պոսթոնի հանրային գրադարանէն կորսուած են Ռեմպրանտի եւ Տիւրերի փորագրանկարները
ԱՄՆ-ի խոշորագոյն գրապահոցներէն մէկուն` Պոսթոնի հանրային գրադարանին մէջ,
«Կորսուած են» Ռեմպրանտի (1606 – 1669) եւ Ալպրեխտ Տիւրերի (1471 – 1528)
երկու փորագրանկարներ` հարիւր հազարաւոր տոլար արժողութեամբ:
ՏԱՍՍ-ի փոխանցմամբ, Մայիս 20-ին այս մասին հաղորդած Է Boston Herald
թերթը, կը գրէ Արցախփրէսը: Գրադարանի տնօրինութիւնը փորագրանկարներու
կորուստի մասին ոստիկանութեան տեղական վարչութեան տեղեկացուցած Է Ապրիլ
29-ին` այն հարցէն երեք շաբաթ յետոյ, երբ գրադարանի տեսուչը չէ կրցած
գտնել երկու գործերը:
Ոստիկանութեան մէջ կը կարծեն, որ փորագրանկարները կորսուած են այն հարցէն
դեռ մէկ տարի առաջ, երբ յայտարարուած Է ատոնց անհետանալու մասին:
Պոսթոնի հանրային գրադարանին մէջ կը պահուին յայտնի վարպետներու շուրջ 200
հազար գծանկարներ, ճեպանկարներ եւ փորագրանկարներ, ինչպէս նաեւ
Ռեմպրանտի շուրջ 30 եւ Տիւրերի 100 գործեր:
Ինչ կը վերաբերի անոր գիրքային պաշարին, ապա այն ունի աւելի քան 15 միլիոն
հատոր եւ ԱՄՆ-ի մէջ մեծութեամբ երրորդը կը համարուի Քոնկրէսի գրադարանէն եւ
Նիւ Եորքի հանրային գրադարանէն յետոյ: