«Եւրոտեսիլ 2015». Հայաստան անցաւ եզրափակիչ (տեսանիւթ)
Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ երէկ ուշ գիշերին աւարտեց «Եւրոտեսիլ 2015» մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչը: Հայաստան ներկայացնող Genealogy խումը «Face the Shadow» երգով ելոյթ ունեցաւ երկրորդ համարի ներքոյ եւ անցաւ եզրափակիչ փուլ:
Առաջին կիսաեզրափակիչի միւս 16 երկիրներու մասնակիցներէն եզրափակիչ փուլ անցան հետեւեալ երկիրները ներկայացնող մասնակիցները` Ալպանիա, Հայաստան, Ռուսաստան, Ռումանիա, Յունաստան, Էսթոնիա, Հունգարիա, Վրաստան, Սերպիա, Պելճիգա:
Մրցոյթի երկրորդ կիսաեզրափակիչ փուլը կը կայանայ Մայիս 21-ին, որուն ընթացքին պետութիւնները ելոյթ կ’ունենան հետեւեալ հերթականութեամբ` Լիթուա, Իռլանտա, Սան Մարինօ, Մոնթենեկրօ, Մալթա, Նորվեկիա, Փորթուկալ, Չեխիա, Իսրայէլ, Լաթվիա, Ատրպէյճան, Իսլանտա, Շուէտ, Զուիցերիա, Կիպրոս, Սլովենիա, Լեհաստան:
Մրցոյթի եզրափակիչ փուլը կը կայանայ Մայիս 23-ին: