Առաջին անգամ «Արթ էքսպօ» ցուցահանդէս` Հայաստանի մէջ
Մայիս 19-ին «Հայ Արտ» մշակութային կեդրոնի, «Վարդգէս Խախամեան Բուզանդ» ԱՁ-ի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ «Հայարտ» մշակութային կեդրոնին մէջ մեկնարկեց «Արթ էքսպօ» ցուցահանդէսը, որ Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի առաջին ագնամ:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարարը մասնաւորապէս նշեց.«Այսօր բոլորս ականատեսն ու մասնակիցն ենք նախադէպը չունեցող մշակութային միջոցառման: Ներկայացուած հայ եւ օտար շուրջ 50 նկարիչների աշխատանքները արուեստասէր հասարակութեանը բազմալեզու մշակութային երկխօսութեան հնարաւորութիւն են ընձեռում: Այսօր Հայրենիք-Սփիւռք` իր տեսակի մէջ եզակի մշակութային գործակցութեան ծրագրի հիմքն ենք դնում, որը, կարծում եմ, շարունակական կը լինի եւ, Սփիւռքի մեր հայրենակիցներին Հայրենիքում իրենց կտաւները ցուցադրելու, հայրենեաց եւ օտար նկարիչների, արուեսագէտների եւ արուեսասէրների հետ հաղորդակցուելու, Հայրենիքից ոգի առնելու եւ ստեղծագործական նոր յաջողութիւններ ունենալու հնարաւորութիւն է ընձեռում»:
Նախարարը արժեւորեց յատկապէս «Արթ Էքսպոյի» իրականացման հեղինակները, կազմակերպիչներ Ռիտա Շառոյեանի եւ Վարդգէս Խախամեանի աւանդը, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն հայ մշակոյթի տարածման ու զարգացման:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան Ռաֆֆի Իւրեջեանի, Ալէքս Թաւերդիի (Անգլիա), Արփա Յակոբեանի, Շաքէ Ամիրեան (Իրան), Ատրինէ Գրեգորեանի (ԱՄՆ), Վարդգէս Խախամեանի (Լիբանան), Նաիրա Չիլինգարեանի (Գերմանիա), ինչպէս նաեւ այլ նկարիչներու աւելի քան 130 աշխատանքներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ «Հայարտ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ռիտա Շառոյեան` մասնաւորապէս նշելով.« Ուրախ եմ, որ մեր յարկին տակ այսպիսի բացառիկ ցուցահանդէս կը բացուի, ուր միաւորուած են Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ նկարիչներ: Այս ցուցահանդէսը փորձի փոխանակման եւ իրար հետ ծանօթանալու լաւագոյն միջոց է»:
Ելոյթի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Վարդգէս Խախամեան եւ ցուցահանդէսի մասնակից շարք մը նկարիչներ:
Ձեռնարկին երաժշտական համարներ ներկայացուցին Տաթեւ Սասունեան եւ Դաւիթ Գեղամեան:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Մայիս 29: