Մեկնարկեց «Իմ Հայաստան» Համահայկական II Փառատօնը
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանիի ներքոյ 2012 թուականէն կ’իրականացնէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը:
Յուլիս 1-ին Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական II փառատօնը, որուն ներկայ էին ՀՀ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ այլ պաշտօնատար անձիք, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ:
Բացման արարողութիւնը բաղկացած էր 3 հիմնական մասերէ` պատուիրակութիւններու շքերթ, բուն համերգային ծրագիր, մասնակիցներու ընդհանուր շուրջպար:
Բուն համերգային ծրագիրը մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով` Աննա Մայիլեանի կատարմամբ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ Կառավարութեան եւ անձամբ իմ անունից ջերմօրէն ողջունում եմ բոլոր մասնակիցներին: Բարո՛վ էք եկել Հայաստան: Ազգը ճանաչելի դարձնելու լաւագոյն միջոցը մշակոյթն է: Այստեղ համախմբուել է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի եռամիասնութիւնը, որը մեր ուժի իրական գրաւականն է: Հաւաքուելով հայրենիքում եւ ձեր ներուժը ներդնելով հայրենի մշակոյթի զարգացման գործում` դուք ձեր նպաստն էք բերում Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումների իրականացման գործընթացում: Սա հայանպաստ, հայանուէր միջոցառում է: Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ բոլոր մասնակիցներին»:
Այնուհետեւ ձեռնարկի հանդիսավարներ Աւետ Բարսեղեան եւ սուրիահայ ուսանողուհի Լուսի-Վանա Կարապետեան բեմ հրաւիրեցին «Իմ Հայաստան» փառատօնի «Պարարուեստի օրեր» ծրագիրին մասնակցելու համար աշխարհի 12 երկիրներէ հայրենիք ժամանած 36 պարախումբերը` ՌԴ- էն` «Շիրակ», «Տաշիր», «Կռունկ», «Հայասա», «Արմաւիր», «Նարեկ», «Արին Բերդ», «Տարօն», «Նարէ», «Արենի», «Կարօտ», «Արփի», «Հայաստանի փայլեր», «Արտոյտ», «Նաիրի», «Անի», «Թերպսիխորա», «Նոյեան», Վրաստանէն` «Անի», «Ֆանտազիա», «Վանք», «Ջէյրան», «Վաչեան», «Բարալեթ», «Նաիրի», Ուքրանիայէն` «Արաքս», «Արմէնիա», Լիբանանէն` «Արին», Քոււէյթէն` «Շաքէ», Աւստրալիայէն` «Նաիրի», Քանատայէն` «Անի», Ֆրանսայէն` «Արա», ԱՄՆ-էն` «Զուարթնոց» պարային համոյթներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պարախումբերուն:
2012թ. առաջին անգամ իրականացուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասին պատմող տեսանիւթը դիտելէ ետք Արցախի պարի պետական համոյթը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած «Յիշում եմ եւ պահանջում» խորագիրով պարային համարը:
Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Շուշան Պետրոսեան, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարած «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան նորօրեայ աշուղներու խումբը, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, տուտուկահար Գէորգ Դաբաղեան եւ անոր սաները, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Լէյլա Սարիբէկեան, երգիչներ Համլէթ Գէորգեան եւ Արմինկան, պարային կատարմամբ` «Բերդ» ՀՀ վաստակաւոր պարային համոյթը:
Փառատօնի բացման առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պարային համարը: Մասնակիցները հանդէս եկան առանձին համարներով եւ միասին պարեցին հայկական աւանդական քոչարին:
Համերգը ուղեկցուեցաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու պաստառի վրայ ցուցադրութեամբ եւ «Իմ Հայաստան» առաջին փառատօնի մասին պատմող հատուածներով:
Ձեռնարկին աւարտին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերու եւ անոնց պարուսոյցներու մասնակցութեամբ Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը ցնծաց հայկական քոչարիի հուժկու հնչիւններու ներքոյ:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Օրանժ Արմէնիա» ընկերութիւնը, փառատօնի հովանաւորն է «Տաշիր գրուպ» ընկերութիւնը, փառատօնին տեղեկատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն «Հայաստանի հանրային», «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութիւնները եւ Հայաստանի հանրային ռատիօն: