Ինչպէ՞ս սպաննեց Չարքազ Ահմէտ հրէշը Զոհրապն ու Վարդգէսը

Ճալալ Զինգիպարի “Հայ մտաւորականութեան ցեղասպանութիւնը” գիրքին մէջ վերոյիշեալ վերնագիրով այս հատուածը հրապարակուած է www.aztagarabic.com-ի կայքէջի մէջ: «Հայերն Այսօր»-ի թարգմանութեամբ, այնտեղ մասնաւորապէս ըսուած է։
Գ.Զոհրապը (1861-1915) իր ժամանակի ամենակարկառուն դէմքն էր, Չեխովի նման հռչակաւոր վիպասան: Իր վէպերը թարգմանուած են մօտ 30 լեզուներու. ան` յամառ ազատամարտիկ էր բռնատիրութեան եւ անարդարութեան դէմ, մեծ իրաւաբան եւ փաստաբան. պողպատեայ կամքով համարձակ անձնաւորութիւն.ան փրկած է հարիւրաւոր յեղափոխականներու կեանքեր, եւ այդ պատճառով ձերբակալուած քանի մը անգամ, նոյնիսկ Սուլթան Ապտուլ Համիտը արգիլեց անոր փաստաբանութեան աշխատանքէն. ան ստիպուած հեռացաւ Եւրոպա, սակայն 1908 թ.ի Իթթիհատականներու յեղաշրջումէն յետոյ վերադարձաւ Կ.Պոլիս:
Զոհրապը ընտրուեցաւ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ 1908-1915 թթ.. ան խորհրդարանի ամենազադեցիկ քարոզիչն էր. իր ճարտասանութեամբ պաշտպանեց համայն ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ հայկական հարցը յատկապէս: Ան առաջինն էր, որ բողոք ներկայացուց խորհրդարանին մէջ դադապարտելով հայոց բնաջնջման ծրագիրը: 19-Մայիս- 1915 թ.ին ան ձերբակալուեցաւ եւ Վարդգէս Սերէնկիւլեանին հետ (1971-1915) (դարձեալ խորհրդրանի անդամ) աքսորուեցաւ երկրէն:
Կը պատմուի, թէ ան Թալաաթ փաշայի մտերիմ ընկերներէն էր, ան ձերբակալուեցաւ անոր հետ ընթրելէ եւ նարտի խաղալէ յետոյ: 7-Յուլիս-1915թ.ին թուրանական հռչակաւոր հրէշ Չարքազ Ահմէտը սպաննեց Գ.Զոհրապը եւ Վարդգէսը ամենադաժան կերպով: Թուրք պատմաբան Ահմէտ Րաֆիքը, իր պատմուածքին մէջ կ’անդրադառնայ Չարքազ Ահմէտի յիշատակութեան այդ դէպքին վերաբերեալ…
-Այդ Զոհրապ կոչեցեալին եւ միւսներուն ինչ եղաւ, հարցուցի ես: -Ա՜աահ..չես գիտե՞ր… բոլորին սպաննեցի: Իր ծխախոտի մուխը փչելով եւ իր ձախ ձեռքով պեխերը շփելով աւելցուց`
-Անոնք Հալէպէն կու գային… ճանապարհին անոնց դէմ ելլելով`կառքը կանգնեցուցինք. անոնք գիտցան, որ իրենց պիտի սպաննենք… Վարդգէսը հարցուց`
-Ահմատ բէկ, դուք մեզ հետ այսպէս կը վարուիք, բայց ինչպէ՞ս պիտի վարուիք արաբներուն հետ, անոնք երբեք գոհ չեն ձեր վարուելակերպէն իրենց հետ: Անոր պատասխանեցի`
-Ատիկա գործդ չէ ով անասուն… եւ իր գլուխը պայթեցուցի իմ մաուզեր հրացանի բամբուշտով, իսկ Զոհրապին բռնեցի եւ գետին տապալելով անոր գլուխը չախչախեցի մեծ քարով մը, եւ հարուածեցի մինչեւ մահանալը:
Կը պատմուի թէ Չարքազ Ահմէտը կը հպարտանար, որ ինքը կրցած է ապաննել մեծ թիւով հայեր եւ կը ծաղրէր Թալաաթ փաշային որ ազատ ժամերուն խմիչք խմելով կը զբաղուէր եւ ոչ յաւելեալ թիւով հայեր կը սպաննէր:
Կ’ըսուի նաեւ թէ Չարքազը երբ կը տառապէր մահացու հիւանդութենէ, իր բոյժքոյրին (որ կը կարծուի թէ ծագումով հայուհի էր) կ’արտայայտուէր թէ` Աստուած կը պատժէ ինծի Գ.Զոհրապին եւ Վարդգէսին իմ ձեռքերով սպաննելուս համար… չախչախեցի Զոհրապին գլուխը մեծ քարով մը եւ անոր նայուածքը զիս կը տանջէ արթուն եւ պառկած ժամերուս: Չի մոռնանք որ Թալաաթ փաշան կը խօսէր թէ Գ. Զոհրապը մահացաւ սրտի կաթուածով… սակայն այն ատեն հայերը կը կարծէին թէ ան կախաղան հանուած է եւ չէին գիտեր թէ ան դաժանաբար սպաննուած է, երբ Վարդգէսին հետ կը փորձեր Հալէպէն վերադառնալ Կ.Պոլիս թուրքերուն համոզելու կասեցնելու ցեղասպանութեան գործողութիւնները:
Այսպէս` դաժանաբար սպաննեցին թուրանականները հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ: