Թուրք Կայքահէնները Կոտրած են Գերմանական 300 Կայք` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսքերու Համար

«Թուրք կայքահէններու խումբ» կայքահէններու կազմակերպութիւնը այս անգամ թիրախ ընտրած է Գերմանիոյ կայքերը, կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Haber 7 կայքը:

Թրքական խմբաւորումը մօտ 300 կառավարական կայք կոտրած է: Պատճառը, ինչպէս կը ներկայացնեն կառոյցի անդամները, Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է (հաւանաբար նկատի ունենալով Գերմանիոյ նախագահին ըսածը-Tert.am):

«Մեր յարձակումները ուղղուած են այսպէս կոչուած` ցեղասպանութեան կատակերգութիւնը ընդունող երկիրներուն դէմ: Հայաստանի եւ Աւստրիոյ պետական կայքերը կոտրելով` մենք ցոյց տուինք, որ մեր խօսքի տէրն ենք: Ասկէ ետք ալ, քանի դեռ մենք ողջ ենք, մեր արձագանգը պիտի տեսնէք»,- ըսած են կայքահէններու խումբի անդամները եւ մէջբերել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրըողանի խօսքերը:

Scroll Up