Նոր տեսաֆիլմ` եղեռնազոհ Ռուբէն Սեւակի մասին.տեսանիւթ

1915 թուականին Չանղըրըուի մէջ  երիտասարդ հայ բժիշկ մը կը բուժէ հարուստ ու ազդեցիկ թուրքի մը աղջիկը: Թուրքը, երախտագիտութեան զգացումէն ելլելով, կը համոզէ հայ բժիշկին իսլամութիւն ընդունիլ եւ փրկուիլ մահէն: Բժիշկը, առանց վարանելու կը հրաժարի, ըսելով` հաւատափոխութիւնը ազգադաւութիւն է: Այդ երիտասարդը մասնագիտութեամբ բժիշկ, արեւմտահայ յայտնի գրող Ռուբէն Սեւակն էր:

Տեղեկացնենք, որ տեսաֆիլմը պատրաստած է «Շողակաթ»  հեռուստաընկերութիւնը:

Scroll Up