Թանգարանային գիշերը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ.տեսանիւթ

Արդէն երրորդ տարին է` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարանները միացած են «Թանգարաններու գիշեր» համաեւրոպական ծրագիրին: Այս տարուան ցուցադրութիւններու ու ձեռնարկներու առանցքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն էր:

Այդ առիթով Ռուբէն Սեւակի թանգարանին մէջ կազմակերպուած էր յատուկ բանախօսութիւն` «Պատմամշակութային արժէքներու ժողովումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Մեծ եղեռնի օրերուն»: Այցելուներուն կը սպասուէր նաեւ երգեհոնային համերգ, որուն յաջորդեց «Մայր Աթոռի արխիւները կը վկայեն…» ֆիլմի դիտումը: Ցուցանմուշներէն կարեւորը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբապատկերն էր:

Scroll Up