ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Կայացաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 9-րդ Համահայկական Մարզախաղերու Կազմակերպման Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստը

 

Յուլիս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 9-րդ համահայկական մարզախաղերու կազմակերպման միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը:

Միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Ինչպէս գիտենք ՀՄԸՄ-ն 4 տարին մէկ կազմակերպում է համահայկական մարզախաղեր եւ հերթական 9-րդը կ’իրականացուի Երեւանում: 100-ամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը աշխարհի խոշորագոյն հայկական կրթական եւ մարմնամարզական կառոյցներից մէկն է, որը այդ տարիների ընթացքում ազգանուէր, հայապահպան գործունէութիւն է իրականացնում Սփիւռքում»:

Ձեռնարկի կազմակերպչական հարցերը նիստի անդամներուն ներկայացուց Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեան: Ան տեղեկացուց, որ Հայաստան պիտի այցելեն 650 մարզիկ 18 երկրէ մարզախաղերուն հետեւելու համար Երեւանը պիտի հիւրընկալէ աւելի քան 3500 այցելու: Մասնակիցները 12-24 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ են, որոնք իրարու հետ պիտի մրցին Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, սեղանի թենիսի, մեծ թենիսի, ճատրակի, լողի, վոլէյպոլի եւ թեթեւ աթլետիկայի  մարզաձեւերու մէջ:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Նազարէթ Մնացականեան նշեց. «Ամէն ինչ անելու ենք մեր մարզիկներին եւ հիւրերին պատշաճ ձեւով ընդունելու եւ խաղերը յարմարաւէտ պայմաններում կազմակերպելու ուղղութեամբ»:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Ոստիկանութեան ու Առողջապահութեան նախարարութեան ներգրաւումը ծրագիրին մէջ` մասնակիցներու անվտանգութեան եւ շտապ օգնութեան ապահովման համար: Նախարարը առաջարկեց նաեւ, որ մարզիկներու օրակարգին ժամեր աւելցուին Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ իրականացնելու համար:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 9-րդ համահայկական մարզախաղերու հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 27-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոս 3:

Scroll Up