Ամերիկահայը աւարտած է իր 55-օրեայ ծոմապահութիւնը

Կլենտէյլաբնակ Աղասի Վարդանեանը աւարտած է իր ծոմապահութիւնը: Ան Ապրիլ 4-ին 55-օրեայ ծոմապահութիւն սկսած էր` յոյս ունենալով ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայոց ցեղասպանութեան թեմային:
Ան այդ ժամանակահատուածին եղած է Պըրպենք քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ կից ապակէ շինութեան մէջ:
Արցախփրէսը կը գրում է, որ vice.com-ի փոխանցմամբ` այս օրերու ընթացքին Վարդանեան քիչ ուշադրութեան արժանացած է մամուլէն, սակայն հայկական եւ քալիֆոռնիական պարբերականներու մէջ տեղ գտած անդրադարձերու մէջ կ’երեւի ծոմապահութեան հետեւանքը անոր մարմնի վրայ: Նախքան սկսիլը 55-ամեայ տղամարդը կը կշռէր մօտ 100 քկ: Սակայն 28 օր անց ան կորսնցուցած է արդէն մօտ 18 քկ: