Կրիկորիուն Քաղաքականապէս Ոչ Պիտանի Է Եւ Ոչ Մասնագէտ.Մոլտովայի Խորհրդարանական Յանձնաժողով

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս Աուրելիա Կրիկորիուի գայթակղիչյայտարարութիւնը բացարձակապէս չի համապատասխաներ Մոլտովայիդիրքորոշմանը: Խորհրդարանական փաստաբանի ելոյթըքաղաքականացուած էր, ինչ որ անթոյլատրելի է: Այդ առիթով փաստուածէ պաշտօնեայի քաղաքական անպիտանիութիւնը: Այսպիսիեզրակացութեան  յանգած է Մոլտովայի խորհրդարանի մարդուիրաւունքներու հարցերով յանձնաժողովը այսօր կայացած նիստինընթացքին:

Սակայն յանձնաժողովի նախագահ Վատիմ Միշինի խօսքերով` վերջնականորոշում դեռեւս չէ կայացուած. Կը տեղեկացնէ piblika.md-ը:
«Կրիկորիուի ելոյթը կապուած չէ ո’չ խորհրդարանի եւ ո’չ ալ, ընդհանուրառմամբ,  Մոլտովայի Հանրապետութեան դիրքորոշման հետ: Այդ անորանձնական դիրքորոշումն է: Մենք ունինք Մերձդնեստր, մենք կըգիտակցինք, թէ որքան նուրբ հարց է այդ: Մենք կը հասկնանք, թէ որքանսխալ  վարուած է Կրիկորիուն` այդպէս ելոյթ ունենալով, իրաւականգնահատականներ տալով հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն,Մոլտովայի մարդու իրաւունքներու մասին խօսելու փոխարէն»,-յայտարարած է Միշինը:
Scroll Up