ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Ռուսաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Ււան Վոլինկինը

Յուլիս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իւան Վոլինկինը:

Հրանոյշ Յակոբեան դեսպանին ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներն ու ձեռնարկները, մէջը ըլլալով` նախարարութեան կողմէ սուրիահայերուն ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագիրները:

Իւան Վոլինկինը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին մէջ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած բոլոր ծրագիրներուն:

Քննարկուեցան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Scroll Up