Թուրքիոյ Վարչապետարանի Հրատարակած Գիրքը՝ 1915ի Մասին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետարանի Արտասահմանի թուրքերու բաժանմունքը հրատարակած է գիրք մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ «Հազար Տարուան Մեր Դրացիները՝ Հայերը Եւ Հարիւր Տարուան Խնդիր Մը. Նոր Մերձեցումներ Ժողովրդավարացման Գործընթացին Մէջ»։

«Տեմօքրաթհապեր» լրատու կայքին կողմէ հաղորդուած լուրին մէջ որոշ վերապահութեամբ ու զարմանքով դիտել կը տրուի, որ այս գիրքին համաձայն, 1915ին տեղահանուած ու իրենց հայրենի հողերէն աքսորուած հայերուն ապրածը արդիւնք էր պարզապէս կարգ մը «անբաղձալի կաղացում»ներու։

Ըստ «Պրիթանիքա» համայնագիտարանին՝ աքսորուեցան 1.2 միլիոն հայեր, որոնցմէ 600 հազար անձեր մեռան, երբ անոնք կը տարուէին դէպի Տէր Զօրի անապատը։ Վարչապետարանին կողմէ հրատարակուած գիրքն ալ ընդուներ է, որ մահացած հայերը պաշտպանուած չէին եւ անօթի մնացած էին։ «Հակառակ անոր, որ օսմանեան կառավարութիւնը ծրագրած էր, որ պաշտպանութեան տակ առնուէին տեղահանուած հայերը, բաւարար սնունդ տրուէր անոնց, սակայն այդ մէկը չգործադրուեցաւ անբաղձալի կաղացումներու ու չարաշահութիւններու հետեւանքով», նշուած է գիրքին մէջ։

Scroll Up