Այշէ Օքթեմ. Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը կը ստիպէ կառավարութեան ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը

Եթէ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը բաւական ուժեղ գտնուի, ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ աշխատի այդ ուղղութեամբ, ապա որեւէ կառավարութիւն, այսպէս թէ այնպէս, ստիպուած կ’ըլլայ նահանջելու:

Այս մասին Սեպտեմբեր 22-ին` հայ-թրքական հաշտեցման «Գործելով միասին» ծրագիրի առաջին փուլին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ, յայտարարած է  DVV International կազմակերպութեան թուրք ներկայացուցիչ Այշէ Օքթեմ, կը գրէ News.am-ը:

 Ան նշած է, որ Թուրքիայէն նախագիծին կը մասնակցին թուրք եւ քիւրտ ներկայացուցիչներ: Օքթեմ յոյս  յայտնած է, որ Գերմանիան նոյնպէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ես յոյս ունիմ նաեւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չըլլար արտաքին ուժերու ճնշման հետեւանք, այլ կը բխի ներսէն, Թուրքիոյ ժողովուրդէն»,- աւելցուցած է Այշէ Օքթեմ:

Նշենք, որ նախագիծը կը ֆինանսաւորէ Գերմանիոյ ԱԳՆ-ը:

 

 

Scroll Up