Թուրքերը խոչնդոտած են վենետիկեան բիենալէի մէջ այն գրքոյկի տարածումը, որուն մէջ տեղ գտած է «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/cats.jpg)
Մայիսին մեկնարկած 56-րդ վենետիկեան միջազգային բիենալէի թրքական տաղաւարի մէջ հայ արուեստագէտ Սարգիսը կը ներկայացնէ “Respiro” (“շունչ”) խորագիրով ցուցադրութիւնը: ermenihaber.am-ը կը տեղեկացնէ, որ թրքական “Cumhuriyet” պարբերականի վկայութեամբ` այդ ցուցադրութեան մասին անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակներով պատրաստուած գրքոյկը ճգնաժամի պատճառ հանդիսացած է: Գրքոյկը, որ պէտք է բաժնուէր ցուցադրութեան բացման օրը` Մայիս 7-ին, ընդգրկած է Ռաքէլ Տինքի հեղինակած յօդուածը:
Այդ յօդուածի մէջ տեղ գտած է “Հայոց ցեղասպանութիւն” արտայայտութեան պատճառով ալ գրքոյկը արգիլուած է, քանի որ ցեղասպանութեան յիշատակումը քննադատութեան արժանացած է ցուցադրութեան հովանաւոր Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի եւ Մշակոյթի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ թրքական տաղաւարին աջակցողներու կողմէն:
Նշենք, որ Ռաքէլ Տինքը իր յօդուածի մէջ կը յիշատակէ ամուսինի` 2007թ Թուրքիոյ մէջ սպանուած հայ լրագրող Հրանտ Տինքի մասին:
“Սա այնքան մեծ վիշտ է: 1915թ Հայոց ցեղասպանութեան վիշտը, բոլոր անգերեզման եւ անյիշատակ կորուստներու վիշտը միաւորուեցան եւ վիշտն ալ աւելի անսահման դարձաւ”:
Սարգիսն ու ցուցադրութեան համակարգող Դեֆնէ Այասը գտած են այլընտրանքային տարբերակ. անոնք չբաժնուած գրքոյկները ցուցադրութեան հանած են Վենետիկի մէջ` ուղղահայեաց կանգնեցուած “դագաղ”-ի մէջ` այդպիսով արտայայտելով իրենց բողոքը գրաքննութեան դէմ: