Հալէպի «Գանձասար»-ը ահազանգ կը հնչեցնէ` սուրիահայերը անելանելի վիճակի մէջ են

Ապահովական բազմապիսի դժուարութիւններուն կողքին, սուրիահայն ու յատկապէս հալէպահայը կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ:
Հալէպ բնակողը անգործութեան եւ սղաճի բերումով դժուարութեամբ կ՛ապահովէ իր օրապահիկը: Հալէպէն դուրս գալ փափաքողները սուրիական թղթոսկիի համեմատական անկումին հետեւանքով մեծ գումարներ կը յատկացնեն նախ Լիբանան մտնելու, ապա Հայաստան մեկնելու պարագային օդանաւի տոմս ապահովելու համար: Լիբանան կեցութիւնը եւս ծախսալից է, իսկ հարազատներու մօտ ապաստան գտնելը ժամանակաւոր հանգրուան, որովհետեւ լիբանանցիին համար եւս ապրուստը դժուար է:
Հայաստան հանգրուանող սուրիահայը բնակարան ապահովելու, աշխատանք գտնելու եւ ընդունելի կենսամակարդակով ապրելու մտահոգութիւնը կ՛ապրի, յատկապէս երբ բազմանդամ ընտանիք ունի:
Այսպիսի դժուարութիւններու ծանր լուծին ու անորոշութեան մէջ կը տագնապի սուրիահայն ու մանաւանդ հալէպահայը:

«Գանձասար»

Scroll Up