Կը Մեկնարկէ Օտարագիր Հայ Գրողներու 5-րդ Համաժողովը
Յուլիս 11-15 Ծաղկաձորի մէջ` Գրողներու ստեղծագործական տան մէջ, տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան համատեղ կազմակերպած Օտարագիր հայ գրողներու «Համաշխարհայնացում եւ ազգային ինքնութիւն» խորագիրով 5-րդ համաժողովը, որուն կը մասնակցի 71 գրող Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:
Սփիւռքէն համաժողովին կը մասնակցի 38 գրող աշխարհի 16 երկրէ` ԱՄՆ-էն, Անգլիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Թուրքիայէն, Լեհաստանէն, Հունգարիայէն, Հոլանտայէն, Շուէտէն, Չեխիայէն, Քուէյթէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, 31-ը` Հայաստանէն, 2-ը` Արցախէն:
Յուլիս 12-ին, ժամը 10.30-ին տեղի կ’ունենայ համաժողովի հանդիսաւոր բացումը:
Համաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Հայ գրողներուն կ’ողջունեն նաեւ Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեանը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Արփի Վարդանեանը:
Օտարագիր հայ գրողներու 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս կ’իրականացուի Ուիլեամ Սարոյեանի նուիրուած նիստ, կը կազմակերպուի Փիթեր Սուրեանի «Միրի» վէպի ներկայացումը, գիրքերու շնորհանդէս, Վան Փիլիկեանի «Վեհաժողով երկու» եւ Կինկա Քալիի «Հայր մեր» շարժանկարներու ցուցադրութիւնը:
Լրագրողներուն Ծաղկաձոր տեղափոխող հանրակառքը կը մեկնի յուլիս 12-ին, ժամը 9:20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքի բակէն (հասցէն` Վազգէն Սարգսեան 26/1, «էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն):