Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Զօրավիգ՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, իր տարեկան 43րդ ընթացիկ նստաշրջանին, որդեգրեց պատմական որոշումներ՝ նամակներ յղել Արամ Ա. կաթողիկոսին, փոխանցելու համար երկու սկզ-բունքային կեցուածքներ. նախ՝ հաղորդել, որ զօրավիգ է Թուրքիոյ պետութեան դէմ վեհափառ հայրապետին կողմէ դատական հարցի յարուցման եւ հաւատարիմ հետեւորդ՝ նորին սրբութեան առաջնորդութեամբ բացուած այս նոր ուղիին, ապա նաեւ խնդրանք ներկայացնել, որ Ուաշինկթընի մէջ Մայիսին 7էն 10 նախատեսուած պաշտօնական տեսակցութեանց եւ մամուլի հետ հանդիպումներուն ընթացքին, լուսարձակի տակ բերուին Թուրքիոյ պետութեան այսօրուան ոճրային արարքները, որոնք կը մարմնաւորուին, Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, Սուրիոյ ահաւոր տագնապին մէջ բռնուած հայկական մեր գաղութին եւ հայկական խորհրդանիշ-կոթողներու դէմ ծայրայեղականներու ծանօթ արարքներով, քրիստոնեաներու դէմ ծանօթ հալածանքներով:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 1-2ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ժողովին մասնակցեցան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներուն կողքին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Կրօնական ժողովի, հոգեւորականաց դասու ու Ազգային վարչութեան անդամները, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետներ ու ներկայացուցիչներ, կրթական համակարգի ներկայացուցիչները՝ Խնամակալ մարմին, տնօրէններ, մանկամսուրի վարիչներ եւ CASPS-ի ներկայացուցիչը, մէկ խօսքով, թեմի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններն ու անոնց կողքին գործող բոլոր կառոյցները։
Երկօրեայ նստաշրջանը առիթ եղաւ քննարկելու եւ գնահատանք արձանագրելու սրբազանին, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան ու մեր վարժարաններուն միամեայ աշխատանքին արդիւնքը եւ ժողովներուն ու անոնց կողքին գործող յանձնախումբերուն ու մարմիններուն գործունէութեան տեղեկագիրները, ժողովը «յոյժ գնահատելի» գտաւ տարուած աշխատանքը։
Եթէ Երեսփոխանական ժողովը բաւականանար այս աշխատանքով, հաւատարիմ մնացած պիտի ըլլար իր աւանդական առաքելութեան։ Սակայն ըլլալով ազգային ժողով, որ յանձնառու է եւ մասնակից՝ մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական իրադարձութեանց, ժողովը չէր կրնար անտարբեր մնալ ժամանակակից պատմական զարգացումներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր գաղութին թէ ամբողջ հայաշխարհին մէջ տեղի ունեցող ժամանակակից քայլերն ու իրադարձութիւնները, սկսելով Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումէն ու Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծանօթ հաւաքէն, ապա կեդրոնանալով այն նախաձեռնութիւններուն վրայ, որոնք յատկապէս վերջին շաբաթներուն, «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսքով ոտքի պահեցին Արեւմտեան Միացեալ Նահագներու մեր զաւակները, միացնելով բոլոր շարքերը. այդ նախաձեռնութիւններուն կարգին էին եկեղեցական արարողութիւններ, յիշատակի հանդիսութիւններ, յուշակոթողներու բացում, մշակութային ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ «Արդարութեան Քայլարշաւ»ը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 130,000 հայորդիներ։ Ժողովը անմիջականօրէն արձագանգեց Թուրքիոյ դէմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ երկու օր առաջ բացուած դատին, ինչպէս նաեւ աչքի առջեւ ունեցաւ երկու վեհափառ հայրապետներուն եւ Հայաստանի պետական աւագանիին կողմէ Ուաշինկթըն տրուելիք պատմական այցելութիւնն ու Արեւմտեան թեմին մասնակցութիւնը այդ առիթով նախատեսուած արարողութեանց, պաշտօնական հանդիպումներուն եւ մշակութային արտայայտութեանց։
Ժողովը միաժամանակ մտահոգութեամբ արձագանգեց Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով այդ երկրի ժողովուրդին վիճակուած անմարդկային պայմաններուն, մանաւանդ, որ նոյն օրերուն, համայն հայութիւնը յաւելեալ սրտդողումի մատնուած էր, ի լուր Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց պատմական եկեղեցւոյ դէմ թշնամական նոր արարքներուն ու ռմբահարման, որոնք կը կազմեն նորագոյն օղակները այդ երկրի ժողովուրդին ու մասնաւորաբար քրիստոնեաներու դէմ ոճրային արարքներու շղթային. ծանօթ է, որ այդ շղթային աղաղակող մէկ օղակը արձանագրուած էր անցեալ տարի, Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրին ռմբահարումով։ Ժողովը քննարկեց թեմին կողմէ Սուրիոյ հայութեան մատուցուած մարդասիրական աջակցութիւնները, որոնք սակայն անզօրութեան կը մատնուին լիարժէքօրէն դարմանելու բացուած վէրքերը՝ ոճրային արարքներուն ահագնացումին հետեւանքով։
Հրատապ զոյգ հարցերուն՝ Թուրքիոյ դէմ դատին եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան դժնդակ պայմաններուն նկատառումով, ժողովը որոշեց դիմել վեհափառին եւ Թուրքիոյ դէմ դատական հարցին գծով զօրակցութեան կողքին, խնդրանք ներկայացնել, որ լուսարձակի տակ բերուի Թուրքիոյ վատարի ընթացքը, որ կը մարմնաւորուի ծայրայեղական եւ ոճրային խմբաւորումներուն տրամադրուած նպաստով ու քաջալերանքով. ժողովը այս ընթացքը կը նկատէ 100 տարի առաջ Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած պետութեան ժառանգորդներուն կողմէ նոյն ուղիի շարունակումը: Վեհափառին ուղղուելիք նամակներուն բովանդակութեան մասին տեղեակ պիտի պահուին Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինն ու Հայ Դատը:
Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ: