Վենետիկի բիենալէին Հայաստանի տաղավարը արժանացած է «Ոսկէ առիւծ»- ի

Վենետիկի 56-րդ բիենալէին, որուն կը մասնակցի 53 երկիր, Հայաստանի տաղավարը արժանացած է «Ոսկէ առիւծ» գլխաւոր մրցանակի, կը յայտնեն մշակոյթի նախարարութենէն։

Հայաստանը հեղինակաւոր այս հարթակին կը ներ­կայանայ «Հայութիւն» խորագիրով ցուցադրութեամբ: Տաղավարը տեղակայուած է Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ` Մխիթարեան միաբա­նութեան տարածքին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հայկական տաղաւարի ցուցադրութեան կը մասնակցին սփիւռքահայ 18 արուեստա­գէտներ:

Եւրոպայի, Ասիայի, Ամերիկայի մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ ստեղծագործող այս արուեստագէտները կը միաւորէ իրենց ազգութիւնը: Անոնք Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու սերունդներն են, ովքեր դաժան ճակատագրի բերումով յայտնուած են հայրենիքէն դուրս, սակայն իրենց մէջ կը կրեն ազգային ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը: Բիենալէի տաղաւարի համադրողն է Ադելինա Կիւբերեան ֆօն Ֆիւրշթենպերկը:

«Ցուցահանդէսը «Հայութիւն» անուանելու համար զիս ներշնչած է ֆրանսերէն Armenite բառը: Այն ինծի թուաց նոր ու յարմար բառ, որպէսզի նկարագրեմ հայ արուեստագէտներն ու մտաւորականները` անընդհատ հոսքի մէջ գտնուող սերունդ մը` ինքնասահմանման իր բազմազանութեամբ»,- այսպէս բնորոշած է իր մտահղացումը հայկական տաղաւարի համադրողը:
Վենետիկի բիենալէն պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 22:

Scroll Up