Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ)-ի 4-րդ Գլխաւոր Ասամբլէայի նիստը եւ երկրորդ գործարար ֆորումը Հայաստանի մէջ
2015թ. Մայիս 12-ին, ժամը 9.30-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ու Արցախի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւններու համագործակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԱՑ-ի 4-րդ Գլխաւոր Ասամբլէայի նիստի եւ 2-րդ գործարար ֆորումի պաշտօնական բացման արարողութիւնը (հասցէ` ք. Երեւան, “էրեբունի պլազա” պբիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ, “էրեբունի” սրահ):
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ (ՀԱՑ)-ի նախագահ Վահրամ Փիրջանեանը (Գանատա):
Ֆորումը պիտի ընթանայ 3 լիագումար նիստերով: Պիտի մասնակցին արտասահմանի մէջ գործող հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու, գործարարներու միութիւններու, Հայաստանի խոշոր առեւտրային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, նաեւ` անհատ գործարարներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն: Պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիզնէս ներդրումներուն, գործարար միջավայրի բարելաւման առնչուող հարցեր:
Պատկերաշարով պիտի ներկայացուի ՀԱՑ-ի առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը, “Նոր դարաշրջան կլոպալ գործարար ցանցի ստեղծում” շնորհանդէսը: