Տիգրանին «Իտէալը»
Վեր. Տիգրան Գունտագճեան, Տիկինը եւ անդրանիկ զաւակը
«Հայրենասէր մըն էր Պատուելին…»։
Մեր Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ առանցքին, աշխարհական առաջնորդներու կողքին՝ունեցած ենք նաեւ եկեղեցականներ, որոնք կարեւոր եւ մեծ ներդրում ունեցած են մեր ազգային,հայրենասիրական ու քաղակական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ, ներառելով նաեւ ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերը, եկեղեցականներն ու հոգեւոր առաջնորդները նոյնքան մնացած են պատնէշի վրայ եւ իրենց ժողովուրդին հետ «գացած են մինչեւ վերջ…»։
Կղերականներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու այս փաղանգին մէջ եւ յատկապէս ցեղասպանութեան պատմութեան ժամանակահատուածին ընթացքին, իր կարեւոր դերը ունեցաւ Վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեան։
Թէեւ 9 Սեպտեմբերի 1915ին անոր նահատակութիւնը լրագրական շրջագայութեան ուշադրութեան չարժանացաւ,սակայն անոր գոյժը, այն օրերուն անթել հեռագրի նման տարածուեցաւ ամէն կողմ՝Եգիպտոսէն մինչեւ Պաղտատ,Փոր Սաիտէն տէր Զօրի անապատները ցրուած սիրեցեալ իր հօտին…։
Հօրս մօրեղբայրը, որուն անունը ամուր կերպով առնչուած է Քէսապի եւ շրջանի հայութեան պատմութեան, որպէս գաղութի «տոկուն» ղեկավար, նոյնիսկ ժողովուրդի այն հատուածը, որոնք տարակարծիք եղած է պատուելիին գաղափարներուն եւ իր աշխատանքային ոճին՝անվարան կը վկայէին թէ«…հայրենասէր մըն էր պատուելին»։ Այս հայրենասիրութիւնը՝Տիգրան Գունտագճեան ժառանգած էր իր ընտանիքէն եւ անոր դաստիարակութենէն եւ հետեւաբար ան իր համակ կեանքը նուիրեց նոյնինքն այդ «իտէալին»…։
Անկախ այն իրականութենէն, թէ Տիգրան ծնած էր հաւատացեալ եւ եկեղեցիին ծառայող ընտանիքի մը մէջ՝հայրը Վեր.Յակոբ Գունտագճեան եւ մայրը երիցուհի Մարիամ, սակայն եւ այնպէս իր «ճամբան» դիւրին չեղաւ հասնելու համար «հոգեւոր» կոչումին եւ իր կեանքը տրամադրելու համար իր ժողովուրդի ծառայութեանը համար…։«Կեանքի ճամբայ»ն գտնելու անոր փորձառութիւնը եղաւ փորձութիւններով լեցուն՝ներառելով հայր-որդի տարակարծութիւնները, կեանքի մէջ «իտէալը» կերտելու տեսլականին ի խնդիր…։
Տիգրանի հայրը, Վեր.Յակոբ Գունտագճեան եկած էր Ամանոսի լեռներու վրայ գտնուող Հասան Պէյլէն…։Ան իր աստուածաբանական ուսումը կատարելագործելու համար կը մեկնի Մարաշ, իր կնոչ Մարիամին հետ, ուր 5 Սեպտեմբեր 1878ին կը ծնի Տիգրան։
Եւ Տիգրանի «կեանքի ճամբու» փորձառութիւնները կը սկսին մանուկ հասակէն, երբ ան Մարաշի մէջ կը վարակուի ծաղիկի համաճարակով ։ Ծնողքը գրեթէ յուսահատած էին եւ կ՚ապաւինէին Աստուծոյ բուժումին…։Եւ ահա փոքրիկն Տիգրանի կեանքը կը խնայուի, ի գին դէմքի վրայ մնացած հետքերուն,որոնք ցկեանս իրեն պիտի ընկերանային…։
Վեր.Յակոբ նոյն տարին կը վերադարնայ իր ծննդավայրը Հասան Պէյլ…։Որոշ շրջան մը ան կը մեկնի նաեւ Պէյլան, դարձեալ հովուական ծառայութեամբ…։Տիգրան դպրոց կը յաճախէ Հասան Պէյլի եւ Պէյլանի մէջ, որմէ ետք ան կը ղրկուի Այնթապ, ուր կը յաճախէ Կեդրոնական Գոլեճի նախակրդարանը։1895ի Համիտեան չարդերուն ընթացքին, Տիգրանի մէջ կ՚արթննայ հայրենասիրութիւնը եւ կը կերտուի անոր հայրենասէրի նկարագիրը, որ կը մղէ զինք պատանի տարիքէն ընտրելու զէնքը եւ մասնակցելու ինքնապաշտպանութեան շարժումներուն։Խումբ մը դասընկերներ, իրենց Հայերէնի ուսուցիչին ընկերակցութեամբ՝ խոյս կու տան գոլէճէն՝միանալու համար Հայկական ֆետայական ինքնապաշտպանութեան խմբակներուն։Խոյս տուող հայ պատանիներու մէկ մասը բռնած էին Քիլիսի ճամբան եւ հոն սպաննուած…։Տիգրան եւ անոր երկու բարեկամները կ՚առնեն Հասան Պէյլի ճամբան եւ հոն կը հանդիպին աւազակներու, որոնք կը կողոպտեն զիրենք բայց կը «խնայեն» իրենց կեանքերը։
Տիգրան, որոշ ժամանակ մը մնաց դպրոցէն հեռու՝ Հասան Պէյլի մէջ,փորձելով կեանքը լեցնել տարբեր զբաղումներով։ Հօրը մտահոգութիւնը եւ նեղութիւնը միշտ առկայ էր, այդ ժամանակաշրջանին։ Ան կը մտածէր, թԷ տղան ձգած էր դպրոց եւ ուսում, եւ հետեւաբար կորսնցուցած՝ կեանքին մէջ «իտէալի» հասնելու գիտակցութիւնը։Բայց եւ այնպէս հօրը վճռակամութիւնն եւ հետեւողականութիւնը՝իր զաւկին, անպակաս չէր մնար։«Իմ փափաքս է, որ քարոզիչ դառնաս եւ հոգեւոր առաքելութեան ստանձնես», եղած էր հօրը խիզախ արճակատումի տեսակէտը՝իր զաւկին հետ։ Տիգրանի հայրը յաճախ կրկնած էր հայրական իր յանկերգը.«կ՚ուզես՞դարձեալ դպրոց երթալ»։Տիգրան միշտ ալ մնաց իր որոշումին վրայ թէ հետաքրքրուած չէր հոգեւոր ծառայութեամբ։
Սակայն հետզհետէ Տիգրան համոզուած էր, որ կեանքի մէջ անհրաժեշտ էր ձգտիլ «իտէալ»ի մը։ Երբ Վեր.Յակոբ դարձեալ մեկնեցաւ Պէյլան՝ հովուական ծառայութեամբ, իր հետ տարաւ Տիգրանը, ուր ան պաշտօն վերցուց որպէս ուսուցիչ տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։
Եւ Պէյլանի մէջ սկսաւ Տիգրանի կեանքի «ճամբուն» յստակացումը։ Ան սկսաւ օրական դրութեամբ Աստուածաշունչ կարդալ եւ միշտ հօրը պատրաստ նեցուկ ըլլալ եւ մասնակից դառնալ հոգեւոր եւ եկեղեցական ծառայութիւններուն։Հայր ու որդի սկսած էին զիրար հասկնալ եւ զիրար վայելել։
Պէյլանէն ետք Տիգրան, որպէս ուսուցիչ կը մեկնի Քեսապ ։Այդ պաշտօնէն ետք, ան կ՚որոշէ դարձեալ Այնթապի Գոլէճ վերադառալ՝ երեւի «Անառակ Որդիին» վերադարձին նման։
Իսկ զղչումը՞…։Տիգրան այս անգամ ինքզինք կը գերազանցէ իր կարգապահութեամբը եւ աշխատասիրութեամբ։ Այնթապի գոլէճէն ետք կ՚անցնի աստուածաբանական ճեմարան, որուն կրթական երեք տարիները ամբոխջացնելէ ետք 1905ին, կը վերադառնայ Քեսապ՝ստանձնելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի ծառայութիւնը։
1907 թուականին, պատուելի Տիկգրան կը կազմէ ընտանիք՝ ամուսնանալով Մարաշի աղջկանց վարժարանի նախկին ուսուցչուհիներէն Եսթեր Գըրըգեանի հետ։ Բայց արդիօք քանի՞ տարիներու վրայ պիտի երկարէր ընտանեկան այս բոյնը։
1909 թուականին, Քէսապի շուկային մէջ տեղի ունեցած մէկ միջադէպի մը պատճառով Վեր.Տիգրան կ՚ամբաստանուի եւ կը կանչուի Ժըսըր-Շուղուրի ոստիկանատունը, ուր արգելաբակուած կը մնայ երեք ամիս։ Ազատ արձակուելէն ետք, կը հասնին Ատանայի ջարդերու դժբախտ լուրերը…։
Տիգրանի հայրը Վեր.Յակոբ, քսաներկու հովուապետներու հետ կը նահատակուի դէպի Ատանա իրենց ուղեւորութեանը ճամբուն վրայ, երբ անոնք կ՚ուղղուէին մասնակցելու Կիլիկիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միութեան համաժողովին։Ասոր պիտի յաջորդէին իր երկու կրտսեր եղբայրներուն ու տակաւին այլ հարազատներուն նահատակութիւնը։ Այս բոլորը եկան համոզելու Տիգրանը, թէ իր ողջ մնացած ըլլալը կը պարտէր իր բանտարկուած ըլլալուն։
Այս բոլոր դժբախտութիւնները կրնան ընկճել մարդ արարածը, բայց Տիգրանին համար անիկա եղաւ նոր արթնութիւն մը՝ աւելիով ծառայելու իր ժողովուրդին։
Հզօրացած այս կամքով, Տիգրան վերադարձաւ Քեսապ, ուր իրեն կը սպասէր քանդուած եկեղեցի մը եւ սկագիր ժողովուրդ։
Քեսապի մէջ Տիգրան արտակարգ աշխուժութիւն ցուցաբերեց։ Ան նպատակ դարձուց կառուցել խոշոր եւ ամրակուռ եկեղեցի մը, ուր միանգամայն կրնային ապաստանիլ հազարաւոր մարդիկ՝երբ այլ դժբախտ դէպքեր կրկնուէին։ Տիգրան կրցաւ Քեսապի մէջ բոլորին համար խանդավառութիւն ստեղծել,առանց համայնքային եւ կուսակցական խտրականութեան։ Ան բոլորը համախմբեց Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ շէնքին շինարարութեանը ծրագրին շուրջ։
Վեր. Տիգրան նիւթական օժանդակութիւններ կրցաւ ապահովել աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Եկեղեցին եւ Վեր.Տիգրան եղան հայութիւնը միացնող օղակները։
Բայց դժբախտութիւնը ուրուականի մը նման միշտ ալ երեւի պիտի հալածէր Տիգրան Գունտագճեանին։1913ին, իր կողակիցին երրորդ զաւակին ծննդաբերութեան ընթացքին,կինը կ՚անհանգստանայ եւ երեք ամիս ետք կը մահանայ։
Ճիշդ է, որ Տիգրանին կեանքին մէջ դարձեալ «մութը» կոխած էր, բայց ընկճուիլ չգիտցող հայորդին դարձեալ փարեցաւ իր առաքելութեանը…։Չէ՞ որ երկար «ճամբայ» կտրած էր գտնելու համար այս «իտէալը» եւ առաքելութիւնը։ Անկարելի էր զայն կորսնցնել։ Ան իր երեք մանուկ զաւակները յանձնեց իր մօր, եւ շարունակեց իր ծառայութիւնը իր ժողովուրդին եւ Քեսապի գաղութին համար։ Եկեղեցւոյ նորակառոյց շէնքը գրեթէ ամբողջացած էր եւ մնացած էր միայն տանիքի մասը ծածկելը, երբ այս անգամ վրայ հասան 1915 հայոց տեղահանութիւնները եւ անոր յաջորդած ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէս որ այս արհաւիրքը քանդեց հայկական ամէն անկիւն, նաեւ Տիգրանին թափած ջանքերը ու նպատակը։
Իր ժողովուրդին ծառայելու Տիգրանի անհատնում ուժականութիւնը դարձեալ փաստեց իր զօրութիւնը։ Տարագրութեան առաջին կարաւաններուն հետ աքսորուեցաւ նաեւ Պատուելի Տիգրան։Ան միշտ իր ժողովուրդին հետ էր, կը փորձէր ամէնուն հասնիլ։ Կարաւանի երթուղիին վերջին կէտն էր Հոմս քաղաքը։ Համայի քաղաքին մէջ հաստատուած գաղթակայանի մը մէջ հաւաքուած էին ամէն կողմէ եկած տարագիր հայեր։ Տիգրան դարձաւ բոլորին պատուելին. ան գործ, դրամ, կարեկցանք, հաց եւ ջուր հասցուց բոլորին եւ ամէնէն կարեւորը՝ յոյս ներարկեց բոլոր հայերուն սրտերուն։ Իր հարազատներէն ստացած նիւթական օգնութիւնները բաժնեց բոլոր կարօտեալներուն։ «Քանի դեռ օրը լոյս է,կատարելու եմ զիս Ուղարկողին կամքը։ Գիշերը մարդ չի կրնար աշխատիլ»։Այս ըսելով՝կը բազմապատկէր իր ջանքերը,տարագիր հայ ժողովուրդի «ցաւերը» կիսելով եւ կարեկցելով։
Երեւի Տիգրան նախազգաց, թէ «գիշերը» պիտի գայ…։
1 Սեպտեմբեր 1915ին, շատերու կողքին, Վեր.Տիգրան եւս վարակուեցաւ թիֆուսէ եւ անկողին ինկաւ։ Եթէ անոր կեանքին բոլոր փորձառութիւնները չի կրցան իր ուժը խլել իրմէ, անողոք հիւանդութիւնը կրցաւ։ Տիգրան չէր կրնար շարժիլ այլեւս։
Անշարժանալով հանդերձ Տիգրան չկորսնցուց իր «իտէալը»…։Այն «իտէալը», որ գտած էր անցնելով իր կեանքի տարբեր փորձառութիւններէն։ «Ասպարէզիս մէջ ցարդ հինգէն մէկ քարոզիչ էի», ըսաւ ան, աւելցնելով. «Երբ ապագինիմ, հինգէն հինգ քարոզիչ պիտի ըլլամ»։
Տիգրան չապագինեցաւ, որպէսզի «հինգէն հինգ քարոզիչ ըլլար»։Բայց ան մինչեւ իր վերջին շունչը սիրեց իր «իտէալը»…։Իտէալը հաւատքին եւ իր տարագիր ժողովուրդին ծառայութիւնը։ « Դիմացս երեք Լոյսեր կան (կ՚ակնարկէր Հօրը,Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին-ՀՃ), մէկն ալ գաղթականինը թող ըլլայ», ըսաւ ան։
Երեսունութը տարեկանին Վեր.Տիգրան Գունտագճեան մահացաւ իր տարագիր հայ ժողովուրդին հետ։ Իր գերեզմանը մնաց անյայտ, ինչպէս բոլոր տարագիրները, բայց մնաց իր «իտէալը», եւ այդ «իտէալէն» ժայթքած իր շատ սիրած Լոյսը…։Լոյսը, որուն մէջէն ան տեսաւ թէ իր ժողովուրդը ու անոր քրիստոնէական հաւատքը ապրեցան, նոյնիսկ երբ ինք ու իր տարագիր ժողովուրդը մեռան…։
«Հայրենասէր մըն էր Պատուելին»…։
Որովհետեւ հաւատաց եւ հաւատարիմ մնաց իր հայկական «իտէալին»։
Տիգրանի «Իտէալը» հայուն «իտէալն» էր, որ սակարկութեան չենթարկուեցաւ, ի գին նա
Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան
Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի, Քէսապ-Սուրիա