Նոր Նամականիշներ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելից» Թեմայով
«Հայփոստ» ՓԲԸ-ն, Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի, ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանին մէջ մարած է «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելից. Հենրի Մորկենթաու» թեմայով մէկ նամականիշ եւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից. «Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէ» թեմայով գեղաթերթիկ` մէկ նամականիշով:
Հայփոստ ՓԲԸ-ի փոխանցմամբ` նամականիշներու մարումը իրականացուցած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեանը եւ «Հայփոստ» ՓԲԸ առեւտուրի զարգացման տնօրէն Նարինէ Սեֆերեանը:
Մարումը իրականացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ներկայութեամբ:
Նամականիշի վրայ պատկերուած է «Չձգենք, որ կործանուին»` Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի հանգանակութեան պաստառը` Ամերիկային շնորհակալութիւն յայտնող որբերու խորապատկերին:
Հենրի Մորգենթաուն 1913–16 թուականներուն ԱՄՆ-ի դեսպանն էր Թուրքիոյ մէջ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմը սկսուելէն ետք օսմանեան կայսրութեան մէջ ներկայացուցած է նաեւ մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի,Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքային շահերը: Մորգենթաուի յօդուածները եւ գիրքերը վաւերական կայութիւններ են Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ան մերժած է ռազմական անհրաժեշտութեամբ հայերու տեղահանութեան թրքական վարկածը եւ ապացուցած, որ երիտթրքական պարագլուխներու նպատակը հայ ազգի իսպառ ոչնչացումն էր: Հենրի Մորկենթաուի նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան օգնութեան կոմիտէն` Ամերկոմը ( American Committee for Relief in the Near East, ACRNE), որ հիմնադրուած է 1915-ին, Մերձաւոր արեւելքի երկիրներու` պատերազմէն տուժած եւ կարիքաւոր բնակչութեան (հայեր, յոյներ, ասորիներ եւ այլն) պարէնով, հագուստով եւ դեղորայքով օգնելու նպատակով:
Արձագանգելով դեսպան Մորկենթաուի կոչին, որ անհրաժեշտ է Մերձաւոր Արեւելքի կարիքաւոր բնակչութեան անյապաղ օգնութիւն տրամադրել, կը ստեղծուի յատուկ կոմիտէ մը, որ կը ստանայ ԱՄՆ պաշտօնեաներու, ներառեալ նախագահ Ուտրօ Ոիլսընի աջակցութիւնը: Կոմիտէն կրցաւ Պոլիսի մէջ գտնուող ԱՄՆ դեսպանատան միջոցով գումար եւ հագուստ տրամադրել կարիքաւորներուն, որոնց օգնութիւնը կը բաշխուէր շրջաններու մէջ գտնուող հիւպատոսներուն եւ միսիոներներուն միջոցով: Մօտաւոր հաշուարկով տրամադրուած է 117 միլիոն տոլարի օգնութիւն: Նպաստամատոյց կոմիտէի գործունէութեան շնորհիւ փրկուած են տարածաշրջանով սփռուած 132 000 հայ որբեր: