Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է ԱՄՆ-ի Հոլոքոստի յուշահամալիր-թանգարան

Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 6-ին Ուաշինկթոնի մէջ այցելած է Միացեալ Նահանգներու Հոլոքոստի յուշահամալիր-թանգարան: Թանգարանի տնօրէնը Հանրապետութեան Նախագահը շրջայցի ժամանակ ծանօթացուցած է ներկայացուած ցուցադրանիւթին: Շրջայցէն ետք Սերժ Սարգսեան գրառում կատարած է թանգարանի պատուաւոր հիւրերու գիրքի ոէջ. “խորապէս ազդուած եմ տեսածէն: Սա վայր մըն է, որ իր պատերուն ներքոյ կ’ամփոփէ խոր թախիծ եւ միաժամանակ յոյսի մեծ շող` շեշտադրելով անցեալին հաշտուելու առաւելութիւնը ընդդէմ անցեալի ժխտման եւ քօղարկման: Սա  անգնահատելի ներդրում մըն է` իբրեւ ապահով ապագայի լուռ, բայց խօսուն երաշխաւոր:

Մարդկութեան դէմ իրագործուած ոճիրներուն նուիրուած թանգարանները, ինչպիսիք են Հոլոքոստին նուիրուած այս յուշահամալիր-թանգարանը, Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարանըը, ոչ միայն զոհուածներուն յարգանքի տուրք մատուցելու համար են, ոչ միայն վերապրածներու  յիշողութիւններու խտացուած ամփոփումներն են, այլեւ յստակ ուղերձ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները` անոնրմէ դասեր քաղելու եւ զանոնք սերնդէ սերունդ փոխանցելու համար”,-գրառած է ՀՀ Նախագահը:

Scroll Up