Ստեփանակերտի մէջ բացուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչ- յուշարձան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/հուշարձան.jpg)
Նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 6-ին Ստեփանակերտ քաղաքի Կրկժան թաղամասին մէջ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչ-յուշարձանի բացման եւ օծման հանդիսաւոր արարողութեան:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է «Առաջ, Արցախ» հասարակական կազմակերպութեան եւ նախաձեռնութեան իրականացման միւս մասնակիցներուն` հայրենանուէր այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար:
Ձեռնարկին մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք: