Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի եզակի հաւաքածուի ցուցադրութիւն Փարիզի մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի գործընկեր` Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ բացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցադրութիւն: Այս մասին կը յայտնեն Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:
Փարիզի սրտին մէջ` քաղաքապետարանի պատմական Օթել տէ Վիլի (Hօtel de Ville) շէնքին մէջ բարեկամ երկիրը հիւրընկալեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածուն:
Ապրիլ 28-ին տեղի ունեցաւ “Հայաստան 1915. Փարիզ քաղաքը կը հիւրընկալէ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարանի հաւաքածուն” ցուցադրութեան հանդիսաւոր բացումը: Մեծաթիւ հիւրերը ողջունեցին եւ ելոյթ ունեցան Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, ՀՀ ԱԳՆ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը: Վերջինս տիկին քաղաքապետին յանձնեց անոր կողմէն իբրեւ ցուցադրութեան պաստառ ընտրուած նկարին բնօրինակը` 1919 թուականին Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կազմակերպութեան կողմէն թողարկուած պաստառը:
“Կը ցանկամ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել Փարիզի քաղաքապետարանին, նախկին քաղաքապետ Բերտրան Դելանոէին եւ ներկայիս քաղաքապետ Աննա Իդալկոյին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, ՀՑԹԻ բարերար եւ իմ բարեկամ Ջեւան Չելոյանցին, Ակբա Կրեդիտ Ագրիկոլ պանքին եւ բոլոր անոնց, ովքեր աջակցեցան ցուցադրութեան կազմակերպման:
“Տիկի՛ն Քաղաքապետ, այս ցուցադրութեան բացման առիթով թոյլ տուէք Ձեզի նուիրել ցուցադրութեան պաստառի օրիկնիալը` ի նշան երախտագիտութեան”,- յայտարարեց Հայկ Դեմոյեան:
2000 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին տարբեր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, Շառլ Ազնաւուրը, Փարիզի մէջ հաւատարմագրուած տասնեակ դեսպաններ, Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ տեղական խորհուրդներու պատգամաւորներ, Երեւանի փոխքաղաքապետը, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Փարիզի քաղաքապետը` Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի եւ ցուցահանդէսի յանձնակատար Ռայմոնտ Գէորգեանի ուղեկցութեամբ շրջայց կատարեցին Փարիզի քաղաքապետարանի սրահներուն մէջ ներկայացուած ցուցահանդէսին, ծանօթացան ցուցանմուշներուն:
Ցուցադրութեան պաշտօնական բացումէն անմիջապէս ետք Փարիզը ողողուեցաւ ցուցադրութեան մասին ազդարարող գովազդային վահանակներով:
Ցուցադրութեան նախասրահին մէջ կայ նաեւ արձանագրութիւններու մատեան, ուր այցելուները հնարաւորութիւն ունին գրի առնելու իրենց տպաւորութիւնները:
“Սա պատմական իրադարձութիւն է: Այս ցուցադրութիւնը բացառիկ պիտի ըլլայ եւ՛ ծաւալներով, եւ՛ ներկայացուցչութեամբ: Այն կապուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան, Առաջին աշխարհամարտի, եւ, բնականաբար, հայ-ֆրանսական յիշողութեան ու պատմութեան հետ:
Այո՛, սա յիրաւի բացառիկ իրադարձութիւն է թանգարանի համար: Գիտակցելով նման ցուցադրութեամբ Փարիզի մէջ ներկայանալու կարեւորութիւնը, մենք որոշեցինք Ֆրանսայի մայրաքաղաքի մէջ ներկայացնել թանգարանի հաւաքածուի բացառիկ ցուցանմուշները, որոնք, վստահ եմ, մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ: Կը ցանկամ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել Փարիզի քաղաքապետարանին նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան` կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցելու համար”,- նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեան:
“Հայաստան 1915. Փարիզ քաղաքը կը հիւրընկալէ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածուն” խորագիրը կրող ցուցադրութիւնը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Յուլիս 4: Փարիզի քաղաքապետարանի` միաժամանակ երկու սրահներու մէջ կը ցուցադրուին 20-րդ դարասկզբի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ցնցող դրուագները ներկայացնող թանգարանային նմուշներ ու լուսանկարներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածուէն այս ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են շուրջ 150 ցուցանմուշներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մարդկային ողբերգութեան այս կամ այն դրուագի մասին բացառիկ տեղեկութիւն կը հաղորդեն: Այս ցուցանմուշները, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ կը ցուցադրուին Հայաստանէն դուրս, կը ներառեն ցեղասպանութեան զոհերու, վերապրողներու անձնական իրեր, փաստաթուղթեր, օրագիրներ, լուսանկարներ, թերթեր, օտարերկրեայ նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու հանգանակութեան թողարկումներ եւ այլ բնօրինակ նիւթեր են:
ՀՑԹԻ կողմէն ներկայացուած ցուցանմուշներու մէջ բացառիկ տեղ կը զբաղեցնէ ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանի հաւաքածուն, որուն բնօրինակները առաջին անգամ կը ներկայացուին նոյն Փարիզեան ցուցադրութեան ժամանակ: Հաւաքածուի մէջ ընդգրկուած են 1918 թուականին Քալիֆորնիոյ մէջ Աւրորա Մարտիկանեանի դերակատարմամբ նկարահանուած “Հոգիներու աճուրդ” համր ֆիլմի պաստառները, լուսանկարները, անձնական իրերը, անոր նուիրուած թողարկումները եւ այլ բացառիկ նմուշներ: Ֆիլմը 1919 թուականին ցուցադրուած է նաեւ Փարիզի Սալ Գաւօ համերգասրահի մէջ: 1919 թ. Փարիզի մէջ ֆիլմի ցուցադրութիւնը մաս կազմած է գեղարուեստական մեծ ցերեկոյթի, զոր կազմակերպած էին հայասէր դքսուհի դը Ռոհանը եւ բարոնուհի Քօշէնը: Ֆիլմը ցուցադրուած է բարեգործական նպատակներով, եւ ողջ հասոյթը տրամադրուած է որբախնամ աշխատանքներուն:
2014 թուականի Հոկտեմբերին Հայաստան ժամանեց Փարիզի քաղաքապետի գրասենեակի ներկայացուցիչը` պարոն Ժան Յուկ Կամիւն: Պարոն Կամիւն այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ եւ ծանօթացաւ 2015 թուականի Ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հետ համատեղ կազմակերպուելիք ցուցադրութեան ցուցանմուշներու հետ, որոնք պիտի ներկայացուէին Փարիզի քաղաքապետարանի ցուցասրահներու մէջ:
Ժան Յու Կամիւն նշեց, որ “Փարիզի նախկին քաղաքապետ Բերտրան Դելանոէն եւ անոր իրաւայաջորդը` Աննա Իդալգոն, որոշում կայացուցած են, որ Փարիզի քաղաքապետարանը կը հիւրընկալէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան ու յիշողութեան նուիրուած ցուցադրութիւն: Ցուցադրութիւնը կը բացուի 2015 թուականի Ապրիլին: Ցուցադրութիւնը կ’ընդգրկէ ցուցանմուշներ եւ փաստաթուղթեր, զորս կը տրամադրէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը: Կ’իրականացուի սերտ համագործակցութիւն թանգարան-ինստիտուտի հետ”:
Այս ցուցադրութեան մէջ ներառուած են նաեւ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի փաստաթուղթերու հաւաքածուն, որոնք կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան սկզբնաղբիւրներին, Եղեռնէն փրկուած գաղթականներուն:
Փարիզի ցուցադրութիւնը կազմակերպած են Երեւանի քաղաքապետարանը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF):
Ցուցադրութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք, ուր ներկայացուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հրատարակութիւնները:
2014 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին Փարիզի քաղաքային խորհրդէն ներս միաձայն ընդունուած է 2015 թուականին Փարիզի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի, տեղեկատուական եւ ժխտողականութեան դէմ ուղղուած նախաձեռնութիւններ իրականացնելու մասին Փարիզի քաղաքապետարանի ուղերձը: