Հասաքէի Հայութիւնը Մոմավառութեամբ Եւ Ս. Պատարագով Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը

Հասաքէն կամ Հասիչէն, որ Ճեզիրէի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը կը գտնուի՝ սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով ծանր իրավիճակի մէջ գտնուեցաւ: Հետեւաբար, Հասաքէի հայութիւնն ալ պատերազմէն իր բաժինը ստացաւ, երբ հայ համայնքը ենթարկուեցաւ անապահովութեան:
Արդարեւ, Հինգշաբթի 23 Ապրիլ 2015-ին Հասաքէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք եւ Հսկում: Այս մասին կը հաղորդէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կեդրոնական մարմինը:
Նկատի առնելով, որ 100 տարի առաջ 23 Ապրիլի երեկոյեան արդէն ընթացք կ՛առնէր 20-րդ դարու ամէնէն ահաւոր ոճրագործութիւնը, իսկ 100 տարի ետք` 23 Ապրիլի երեկոյեան այս ոճիրին զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակները սուրբ կը հռչակուէին` համալրելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 700 սուրբերուն շարքը` յանուն հաւատքի ու հայրենիքի իրենց զոհաբերութեամբ, առ այդ, Հասաքէի հայութիւնն ալ իր կարգին արժանավայել ձեւով յարգեց սրբադասուած նահատակները:
Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնած ապրիլեան յուշակոթողը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, անմահ ու անթառամ պահելու մեր նահատակներուն յիշատակը։
Ապրիլեան եղեռնի յիշատակման ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հսկում-մոմավառութիւն:
Միւս կողմէ, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2015-ին, առաւօտեան տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ:
Երկու օրերու ընթացքին Հասաքէի հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ Ա. քահանայ Պետրոսեան սրբադասուած նահատակներու մասին կարեւոր ընդգծումներ կատարեց, ապա աւելցուց, որ հայու անկոտրում կամքով պիտի մնայ պահանջատէր մինչեւ արդարութեան վերականգնումը։