Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ աւելի շատ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուած է, քան Չանաքքալէի մարտերու 100-ամեակին

PRNet ընկերութիւնը վերլուծած է 2015 թուականի Ապրիլ 20-26 ինկած ժամանակահատուածին թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ ամենաշատ խօսուած նիւթերը:
Medyatava թրքական կայքի փոխանցմամբ, կը գրէ Արցախփրէսը, պարզուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին աւելի շատ հրապարակումներ եղած են, քան Չանաքքալէի ձեռնարկներուն:
Յառաջատար հնգեակը գլխաւորած են Ապրիլ 23-ին նշուող Երեխաներու օրուան մասին նիւթերը, որուն նուիրուած 6.728 նիւթ եղած է:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթերը երկրորդը եղած են: Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին մասին գրուած է 2.404 անգամ:
Չանաքքալէի յաղթանակի 100-ամեակը յիշատակուած է 2.036 նիւթի մէջ:
Ատոր յաջորդած են Թուրքիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ քաղաքական նիւթերը:
Նշուած ժամանակահատուածին լրատուամիջոցները ամէնէն շատ անդրադարձած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին: Անոր անունը յիշատակուած է մօտ 4.000 հրապարակման մէջ:
Երկրորդը եղած է վարչապետ Ահմեթ Դաւութօղլուն, իսկ երրորդը` ընդդիմադիր գործիչ, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչդարօղլուն: