Հաճելիօրէն զարմացած եմ հայ մասնագէտներու բարձր մասնագիտական մակարդակով. Ռուս իրաւաբան

Ապրիլ 22-23 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Կլոպալ ֆորումի ծիրէն ներս կայացաւ «ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատասխանատւութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» խորագիրով գիտաժողովը:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ  եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, ՀՀ ԳԱԱ Փիլիսոփայութեան, սոցիոլոկիայի եւ իրաւունքի ինստիտուտի, ԵՊՀ Իրաւագիտութեան ֆակուլտետի, «իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողով» համահայկական մասնագիտական կազմակերպութեան աջակցութեամբ:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին իրենց կարծիքներն ու տպաւորութիւններ կիսած են գիտաժողովի մասնակիցները, որոնք գոհունակութիւն յայտնեցին գիտաժողովին իրենց մասնակցութեան եւ յատկապէս տարբեր կարծիքներու փոխանակման ու հարցերը քննարկելու հնարաւորութիւն ստեղծուելու համար։

IMG_7439

Սուրէն Սերայտարեան (Աւստրիա) Արեւմտահայոց ազգային համագումարի նախագահ

Իրաւաբաններու գիտաժողովը շատ կարեւոր էր կարծիքներու փոխանակման առումով,  սակայն այդ բոլորը պէտք է համակարգել, աշխատանքի բաժանում կատարել՝ կան աշխատանքներ, զորս կրնան իրականացնել արեւմտահայերը կամ Սփիւռքը, կան, որ միայն երկիր մը կրնայ տանիլ` օրինակ միայն Հայաստանն է որ կրնայ միջազգային դատարան դիմել՝ սահմանային հարցերով զբաղելու, սակայն իբրեւ իրաւունքի տէրեր, արեւմտահայերուն իրաւունքը պաշտպանել կրնան միայն արեւմտահայերը, մանաւանդ գոյքերու հարցը։ Համոզուած ենք, որ այս աշխատանքի բաժանումը պէտք է համակարգել, այսինքն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է գիտնայ մենք ինչ կ’ընենք եւ մենք տեղեակ ըլլանք թէ իրենք ինչ կընեն։ Ընդհանուր առմամբ այս աշխատանքը լաւ կը տարուի եւ լաւ կ’ընթանայ։

Վահէ Թարոյեան (Իրան) իրաւաբան

Նախկին գիտաժողովներու հետ համեմատելով, այս անգամ աւելի յուսալի զգացողութիւն կար, քանի որ իրօք զգալի էր համատեղ աշխատելու ոճը, տարբեր մտքեր միատեղելը եւ մէկ նպատակի համար աշխատիլը թէկուզ տարբեր մօտեցումներով, տարբեր կարծիքներով, նոյնիսկ հակառակ կարծիքներով աւելի ակնյայտ էր այս անգամ։

Գետենք, որ Հայ Դատը իր աշխատանքը կը տանի ողջ աշխարհի մէջ, իսկ այն ինչ կ’ունենայ յայստեղ տեղի եւ պետականօրէն՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէն, անիկա արդէն ուրիշ դիրք է եւ ուրիշ ընելիք։ Երկու ճակատ ունինք թուրքերու դէմ՝ Սփիւռքը կրնայ առանձին իր ըսելիքը ունենալ, իսկ Հայաստանի պետութիւնը իր ըսելիքը, ես այդպիսով լաւ կը զգամ՝ տեսնելով, որ աւելի կը մօտենանք իրարու եւ կը միատեղենք մեր մօտեցումներն ու կարծիքները, քանի որ հակառակ պարագային երկուքս ալ կը կորսուինք։

Արմէն Մարուքեան (Հայաստան) Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինիստուտի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ

100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու մէջ կլոպալ ֆորումը ամենակարեւորն էր եւ ամենամեծ գործնական սպասելիքները մասնագէտներու շրջանակի մէջ, գլխաւորաբար այս ֆորումն էր, ի մասնաւորի իրաւաբաններու գիտաժողովը, ուր քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հիմնախնդիրները, Հայոց Ցեղասպանութեան հայցով միջազգային դատարան դիմելու խնդիրները, տարաբնոյթ իրաւական միջազգային խնդիրներ։ Հնչեցին տարբեր կարծիքներ, մօտեցումներ, պէտք է նշել որ խորհրդաժողովը անցաւ առողջ մթնոլորտի մէջ, եղաւ նաեւ տեսակէտներու առողջ բախում, կարծեմ ասիկա շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ իրաւաբան մասնագէտները, նաեւ օտար մասնագէտները լսեն այս կարծիքները եւ փորձենք այս հնչած տեսակէտներու, մօտեցումներու, դիրքորոշումներու ծիրէն ներս՝ ձեւաւորել այն ուղղութիւնը, այն ռազմավարական մարտավարական քայլերու հերթականութիւնը, որ մենք պէտք է իրականացնենք՝ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման ճանապարհին, այդ թղթածրար կոչուածի ստեղծման ճանապարհին եւ ի վերջոյ օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները՝ հարկադրել Թուրքիային  առերեսուելու իր պատութեան հետ՝ ընդունիլ Ցեղասպանութեան փաստը եւ կատարել անոր յաջորդող հետեւանքներու յաղթահարման քայլը։

 Մեթր Փիւզանդ Պասթաճեան (Լիբանան) իրաւաբան

Մենք, 100 տարի ետք ի՛նչ կը զգանք, կամ ի՛նչ տեսանք այս երկուքը պէտք է ըսել։ Մեր հայկական հարցը վերածուած է հայկական դատի՝ Զարթօնքի շրջան կ’ապրինք եւ իրականութեան մէջ միասնականութիւնն է որ կ’ըլլայ` կրօնական, մտաւորական, իրաւական դասը հաւաքուած է, միւս կողմէն կան գործարարներ, որոնք կրնան հայ դատը յառաջ տանիլ եւ յաջողութիւններ իրականացնել։ Սփիւռքը գոհ է եւ ուրախ, որովհետեւ այսօր զարթօնք կ’ապրինք, գործը սկսած է արդիւնք տալ, կը կարծեմ, որ 2015-ը մեր ցեղասպանութեան հարցերը  դէպի հայ դատ վերածելն է։

 Ռուբէն Կիրակոսեան (Ռուսիա) Ռուսիոյ հայ փաստաբաններու միութեան նախագահ

Շատ հետաքրքրական ու բովանդակալից ելոյթներ լսեցինք, ծանօթացանք իրարու, հասկցանք ինչքան միաւորուած ենք եւ մինակ չենք եւ միասին հզօր ենք, կը մնայ ճիշտ կազմակերպենք մեր աշխատանքային բաժանումները՝ հասկնանք ով ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի զուտ տեխնոլոկիական կարգով  այս խնդիրին յառաջխաղացում տանք։

Հիմնականը այն է, որ շատ յաճախ չենք գիտեր ինչ ուժեր ունինք, տարին մէկ անգամ հաւաքուիլը շատ քիչ է, անոր համար մենք առաջարկեցինք ստեղծել մասնագիտացուած կայք, ուր կ’ըլլայ փաստաբանական տեղեկատու, ցանց, որ մենք կարենանք իրարու հետ կապեր հաստատել համաձայնութեան գալ, թէ ով ինչ ծաւալի աշխատանք պէտք է կատարէ։

grip

Վլադիսլավ Գրիբ (Ռուսիա)  Ռուսիոյ Դաշնութեանն փաստաբաններու դաշնային միութեան փոխնախագահ

 Շատ հաճելի էր ինծի համար մասնակցութիւնը եւ հաճելի էր այսքան մարդ տեսնելը, որովհետեւ Ռուսաստանի մէջ շատ քիչերը գիտեն այս ցաւալի խնդիրի մասին։ Պետութիւնը, բոլոր փաստաբանները, որոնք այս հարցով կը զբաղին պէտք է շատ հետեւողական ըլլան, եւ կառավարական հայկական փաստաբանական կազմակերպութիւնները պէտք է թուրքիան ճնշելու ուժ դառնան, այդ մէկը պէտք է ոչ միայն հայ ազգին այլեւ թուրք ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին համար։

Ան ով մեղք կը գործէ՝ ըլլայ անձնաւորութիւն կամ պետական իշխանութիւն, կու գայ պահ մը, որ պատասխան պէտք է տայ եւ ներողութիւն խնդրէ այդ ըրածի համար, իբրեւ մասնագէտ, ես հաճելիօրէն զարմացած եմ հայ մասնագէտներու բարձր մասնագիտական մակարդակով։

Ալեքսանդր Յարութիւնով (Ռուսիա) Մոսկուայի “Յարութիւնով եւ գործընկերներ” փաստաբանական գործընկերներու գրասենեակի նախագահ

Համագումարը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունէր ոչ միայն հայերու, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար՝ քանի որ մենք պէտք է հասկնանք այդ բանաձեւը, թէ ինչպէս կարելի է ոչ թէ պատժել այլ կանխել, որպէսզի ապագային այսպիսի բաներ չկատարուին։

IMG_7474

Կարօ Քամարեան (ԱՄՆ Քալիֆորնիա) իրաւաբան

Ես լսեցի ընկերներուս կարծիքը, շատերուն հետ կը բաժնեմ տեսակէտները, շատերուն հետ հիմք ունիմ հակառակելու՝ վերջապէս իրակաբաններ ենք, երբեմն պէտք է հակառակինք։ Անձնական գոհունակութիւն ստացայ գիտաժողովէն, որուն միջոցով իմացանք մեր ընկերները ինչպէս կը մտածեն, ինչ կը մտածեն, ուր երթանք այս հարցերով, ինչպիսի հասարակ յայտարար կրնանք գտնել՝ իրարու հետ աշխատելով, այնպէս որ թէ անձնապէս թէ ազայինօրէն որոշակի բաւարարութիւն ստացայ։

Ֆորումէն շատ ակնկալութիւններ ունինք, դեռ շատ գործ կայ ընելիք, ինչպէս լսեցիք բաւականաչափ թղթածրարներ պէտք է պատրաստուին, իրաւական ռեսուրսները պէտք է համատեղուին, որպէսզի կարենանք աւելի ճիշտ ձեւով, աւելի համապատասխան ձեւով ներկայանալ եւ ճիշտ ընթածքի մէջ ենք, յոյսով եմ որ մեր յաջորդ համագումարներուն կիզակէտ կ’ունենանք մեր պահանջատիրութեան աւելի իրաւական ձեւ տալու՝ յստակեցնելու ճշգրտուելու զայն։

keyt

Քէյթ Նահապետեան (ԱՄՆ) ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի, ԱՄՆ կառավարութեան հետ կապերու պատասխանատու

Գիտաժողովը առիթ մըն էր, որ ամբողջ աշխարհէն մասնագէտներ հաւաքուին, մտքերը փոխանակեն, խօսին ինչ կարելի է ընել, ինչ պէտք է ընել, նաեւ կ’իմանանք այն ինչ ձեռք ձգած ենք։ Խորհրդաժովի ամենակարեւոր միտքը այն է, որ համախմբեց նոյն ոլորտի տարբեր երկիրներէ մասնագէտներ, որոնք իրենց հերթին կը ստեղծեն միաւորումներ, որոնց շնորհիւ կը շարունակեն արծարծել այս խնդիրները եւ լուծում գտնել։

kidajoghov2  IMG_7371 IMG_7377 IMG_7408kidajoghov

Scroll Up