Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ Իտալիոյ Չեճիա քաղաքին մէջ

Ապրիլ 16-17 Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Իտալիոյ Չեճիա քաղաքի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ Անահիտ Սահակեանի նախաձեռնած «Տապանի սարերու միջեւ հայերը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագիրը կրող երկօրեայ համաժողովը: Համաժողովին ներկայ էին քաղաքապետ Միրքօ Մարին, Փատովայի համալսարանի փրոֆէսոր հայագէտ Ճուզեփէ Մունարին, քաղաքի հոգեւոր դասը, լրագրողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Համաժողովի բացման ընթերցուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհակալական ուղերձը Չեճիայի քաղաքապետին եւ համաժողովի կազմակերպիչներուն: Համաժողովի ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարգիս Ղազարեանի շնորհակալական նամակը: Համաժողովը կ’ուղեկցուէր երկօրեայ համեստ ցուցահանդէսով. Հայաստանէն բերուած ձեռագործ իրերու, գորգերու, երաժշտական գործիքներու, մանրանկարչութեան եւ իտալերէն տպագրուած գիրքերու ցուցադրութեամբ` համեմուած հայկական դասական երաժշտութեամբ: Իսկ Ապրիլ 17-ի համաժողովը ամփոփուեցաւ «Արտոյտներու ագարակը» ֆիլմի ցուցադրութեամբ: