Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին միացաւ նաեւ Նանսին (լուսանկարներ)

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին Ֆրանսական մեծ ու փոքր քաղաքներուն միացաւ նաեւ Նանսին, կը գրէ REPLIK.am-ը:
Ֆրանսայի հիւսիս- արեւելքը տեղակայուած այս քաղաքին մէջ հայերը պահանջատիրութեան ցոյց սկսած են 1,5 մլն զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ: Յուշակոթողը Նանսիի քաղաքային իշխանութեան, տեղի հայ համայնքի` յանձինս ARMAX ընկերակցութեան, ջանքերով Հայաստանէն հասաւ հեռաւոր Նանսի ու տեղադրուեցաւ Նոտղը տամ տէ Լուղտ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ապրիլ 24-ին 19:15, խորհրդանշական վայրկեանին, հնչեցին եկեղեցւոյ զանգերը, որու ձայնը պաշարած էր ամբողջ քաղաքը:
Խաչքարին մօտ վառուեցան մոմերը ու մասնակիցները մոմավառութենէն յետոյ սկսան պահանջատիրութեան երթը: Հարիւրաւոր հայերու երթին միացած էին ֆրանսացիներ, եզտի համայնքի ներկայացուցիչներ: Հայոց եռագոյնը կը փողփողար, իսկ Թուրքիայէն պահանջատիրութեան կոչը կը հնչէր Նանսիի փողոցներուն մէջ: Ամբողջ քաղաքը հայկական ու յիշատակի շունչով լեցուած էր: Երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Նանսիի քաղաքապետարան, ուր կը սպասուէր յիշատակի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերոդ տարելիցին: Դահլիճը բազմամարդ էր, ձեռնարկին խաչքարի տեղադրման գործին մասնակցած հայերէն ու նուիրեալներէն բացի, ներկայ էին նաեւ մեծաթիւ ֆրանսացիներ: Երեկոն բացաւ ARMAX ընկերակցութեան նախագահ Վահան Յարութիւնեան, ելոյթ ունեցաւ Նանսիի փոխքաղաքապետ Լուսէին Ռոդեղշեղը, որմէ յետոյ ցուցադրուեցաւ ֆիլմ: Ֆիլմը այն մասին էր, թէ ինչպէս ծնաւ Նանսի մէջ խաչքար տեղադրելու գաղափարը, ինչպէս
հայ համայնքի ջանքերու շնորհիւ կեանքի կոչուեցաւ այս մեծ նախագիծը ու ինչ արժէք ունի հայերուս համար խաչքարը: Ցուցադրումէն յետոյ քաղաքապետարանի դահլիճը գրաւեց դասական երաժշտութիւնը: Ելոյթներ ունեցան աշխարհի մէջ յայտնի պարիթոն Ատամ Պարոն, դաշնակահարուհի Սոնա Յարութիւնեան, Կոմիտասի անզուգական երաժշտութիւնը հնչեց տուտուկահար Ռոլանտ Պալապեկեանի կատարմամբ, իսկ ARMAX ընկերակցութեան Արարատ պարային համոյթը` ղեկավարմամբ Յակոբ Ասլանեանի եւ Տաթեւիկ Հայրապետեանի, ոգեշնչեց ներկաները` ազդարարելով ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՊՐԻԼԸ: