Երեւանի Քաղաքապետը Այցելած Է Ռիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցին
Պաշտօնական այցով Լաթվիոյ մայրաքաղաք գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորածպատուիրակութիւնը այցելած է Ռիկայի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Խոսրով քահանայ Ստեփանեան քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուցած է2011թ.-ին օծուած եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Հայ համայնքի գործուն աջակցութեան շնորհիւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ճարտարապետական ոճով կառուցուածեկեղեցին, Տէր Խոսրով քահանայի հաւաստմամբ, եկեղեցական արարողութիւններու եւ պատարագներու ժամանակմշտապէս մարդաշատ է:
Հաշուի առնելով, որ քաղաքապետի այցելութեան օրը համընկած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեռելոց յիշատակիօրուան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը երեւանեան պատուիրակութեան եւ Ռիկայի հայ համայնքի ներկայութեամբ մատուցածէ հանգստեան կարգ:
Այնուհետեւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ռիկայի Լատկալես շրջանի ղեկավար Դմիտրի Փաւլովի եւ հայ համայնքիներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած է նաեւ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող տարածք, ուր նախատեսուածէ կառուցել Երեւանի պուրակ:
Ռիկայի քաղաքային իշխանութեան եւ հայ համայնքի ջանքերով կառուցուող պուրակը, Դմիտրի Փաւլովի հաւաստմամբ,պիտի դառնայ ինքնատիպ հանգստավայր ինչպէս հայ համայնքի, այնպէս ալ Ռիկայի բոլոր բնակիչներուն համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան համար` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ընդգծած է, որ Երեւանիքաղաքապետարանը եւս կ’աջակցի այգիի կառուցման գործին, որպէսզի հանգիստի գօտիին առկայ ըլլայ երեւանեան շունչը:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն