Ֆրանսայի ալեւիները ներողութիւն խնդրած են հայ ժողովուրդէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Alevis-of-France-.jpg)
Ֆրանսայի ալեւիները ներողութիւն խնդրած են հայ ժողովուրդէն այն բանին համար, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ չեն կրցած փրկել անոնց: Համապատասխան յայտարարութիւնը տարածած է Ֆրանսայի Ալեւիներու միութիւններու դաշնութիւնը, կը գրէ News.am-ը` յղում ընելով «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականին:
Ալեւիական կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի. «Դարեր շարունակ Անատոլիոյ հնագոյն ժողովուրդները ընդհանուր ճակատագիր ունեցած են: Անոնց նոյն հողը կերակրած է, նոյն ջուրը խմած են, նոյն օդը շնչած եւ նոյն արեւի տակ զարգացած են: Սակայն ալեւիներու, հայերու, քիւրտերու, յոյներու, ասորիներու միջեւ այդ ներդաշնակութիւնը խաթարուեցաւ անոնց կողմէ, որոնք, ուշադրութիւն չդարձնելով այդ հողերու մշակութային, լեզուական եւ կրօնական հարստութեան, մշտապէս կը ցանկային քաղաքական ձուլման միջոցով, մասամբ` շատ դաժան, վերացնել այդ ամէնը: Անոնք երկիրը խորտակեցին արեան եւ արցունքներու մէջ: Ատոնք մռայլ տարիներ էին, երբ 100 տարի առաջ զինուորականներն ու զինուած խմբաւորումները տեղահանեցին եւ սպաննեցին հայերն ու ասորիները»:
Այնուհետեւ յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք օգնութիւն ցուցաբերեցինք մեր հարեւաններուն, որոնք մեր կողքին եղած են մեր հարսանիքներուն, յուղարկաւորութիւններուն, հիւանդութեան եւ առողջ ժամանակ: Չնայած բազմաթիւ դժուարութիւններու` մենք ըրինք հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի անոնց փրկենք տառապանքներէ: Մենք անոնց չէինք յանձներ դահիճներու ձեռքը: Ցաւօք, չկրցանք բոլորին փրկել: Մենք չկրցանք կանխել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եւ կը շարունակենք մեր մէջ կրել այդ անկարողութեան ցաւը: Մենք` ալեւիներս, մեր հարեւաններուն, մեր եղբայրներուն կը խնդրենք ներել մեզի ատոր համար: Դուք, որ մեզի կը զգուշացնէիք, որ ձեզմէ յետոյ նաեւ մեր հերթը պիտի հասնի, կը խնդրենք, ներէ՛ք մեզի: Կը խնդրենք, ներէ՛ք մեզի Հրանդ Տինքին համար, որուն վախկոտ սպանութիւնը չկրցանք կանխել»: