Աշխարհահռչակ երգչուհի Արաքս Մանսուրեան` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/jjj1.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց աշխարհահռչակ երգչուհի, Աւստրալիոյ մէջ բնակող Արաքս Մանսուրեանը եւ անոր դուստրը` ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեանը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արաքս Մանսուրեանին արտերկրի մէջ հայ երգի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար, որ մեծապէս կը նպաստէ հայապահպանութեան եւ արտերկրի մէջ հայութեան ազգային արժանապատուութեան բարձրացման:
Զրոյցին ընթացքին Արաքս Մանսուրեան պատմեց Աւստրալիոյ մէջ իր ստեղծագործական գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Քննարկուեցան Մայիս 4-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունենալիք համերգին վերաբերող հարցեր: