Էրպիլի Այնքաուա քրիստոնէաշատ քաղաքին մէջ հայերը ոգեկոչեցին ցեղասպանութեան 100 – րդ տարելիցը

Հայերն Այսօրի տեղեկացմամբ www.iraqhurr.org կայքի մէջ Ապտուլ համիտ Զիպարին կը գրէ. Հայերը Էրպիլի Այնքաուա քաղաքին մէջ ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100 –րդ տարելիցը: Ոգեկոչման ձեռնարկը կատարուեցաւ Քիլտանիներու Ում Ալ Մաըունա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի մատուցմաբ: Պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ` հայեր, ասորիներ քիլտանիներ, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչներ, քիւրտեր եւ եազիտիներ:

Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ.. Ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան արարողութիւններէն արձակուած տեսահոլովակներ, նաեւ Վատիկանի Պապի քարոզի խօսքէն հատուածներ:

Էրպիլի Հայոց հովիւ Տէր Արթուն քհնյ. Խալաթեան մեր ռատիոկայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ «Այսօր կ’ոգկեկոչենք այս յիշատակը նոր սերունդին փոխանցելու 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքը: Իսկ Էրպիլի Հայոց թաղական խորհուրդի անդամ պրն. Դրօ Սարգիսը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ ճանչնալու ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալու իր կատարած արարքին համար, քանի որ ան իրաւայաջորդն է օսմանեան կայսրութեան:

Scroll Up