Սփիւռքի նախարարը ընդունեց «Գոհար» համոյթի հիմնադիր-բարերար Գոհար Խաչատուրեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/jjj.jpg)
Ապրիլ 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց «Գոհար» համոյթի հիմնադիր-բարերար լիբանանահայ գործիչ Գոհար Խաչատուրեանը, երգչախումբի գործադիր տնօրէններ Սեւակ Սերոբեանն ու Սարօ Սերոբեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ անոնց ազգապաստ գործունէութիւնը:
Տիկին Գոհար Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ հրաւիրեց նախարարին մասնակցելու երգչախումբի նոր սկաւառակի շնորհանդէսին:
խօսուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն, այս օրերուն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին, մասնաւորապէս Լիբանանի հայ համայնքի քայլերթին մասին:
Քննարկուեցան համայնքի մշակութային կեանքին վերաբերող հարցեր: